Այսօր Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ նախաստեցուած կառավարական արտահերթ նիստը ջնջուած է։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց «Էլ. Պի. Սի.Այ.» կայանը նշելով նաեւ, որ նիստը ջնջելու մասին առաջարկը եղած է վարչապետ Սաատ Հարիրիին կողմէ։
Կը նշուի նաեւ, որ Լիբանանի վարչապետը այսօր յետմիջօրէին հանդէս պիտի գայ պատկերասփռուած ելոյթով եւ իր խօսքը ուղղէ Լիբանանի ժողովուրդին։
Կարգ մը վերլուծաբաններ, որ երէկուան դէպքերուն մասին կարծիք յայտնած էին կը նշէին, որ չի բացառուիր, որ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրին ներկայացնէ իր հրաժարականը։
Նշենք նաեւ, որ այս պահուն գրեթէ անդամալուծուած կը մնայ մայրաքաղաք Պէյրութը եւ հազարաւոր ցուցարարներ կ՚ուղղուին դէպի «Ռիատ Սոլհ»ի կեդրոնական հրապարակ։