Նաւահանգիստի աղէտը վերջին հարուածը եղաւ քանդելու Լիբանանի տնտեսութեան սիրտը՝ Պէյրութը: Քաղաքական վիճակը բարդացաւ երբ երեսփոխաններ հրաժարեցան խորհրդարանէն եւ Հասսան Տիապի կառավարութիւնը տապալեցաւ: Այս բոլորին զուգահեռ ֆրանսական քաղաքականութիւնը աշխուժութիւն մը ապրեցաւ:
6 Օգոստոսին, աղէտէն անմիջապէս երկու օր ետք, Ֆրանսայի նախագահ՝ Էմանուէլ Մաքրոն այցելեց Լիբանան եւ հանդիպումներ ունեցաւ երկրի նախագահին, վարչապետին, խորհրդարանի նախագահին եւ ազդեցիկ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ: Ապա նախագահը ուղղուեցաւ Պէյրութի «Հայաստան փողոց» Ժմէյզէի շրջան եւ ընդունուեցաւ ժողովուրդին կողմէ եւ լսեց անոր վիշտն ու ցաւը:
Մաքրոն հաստատեց, որ Լիբանանին տրամադրուելիք օժանդակութիւնները փտածներուն պիտի չհասնին, այլ` ուղղակի ժողովուրդին: Մաքրոն ընդգծեց, որ Լիբանան փոփոխութեան կարիք ունի` հաստատելով, որ ինք տխուր է եւ ցաւ կը զգայ: «Ֆրանսա պիտի օժանդակէ բնակարաններու շինութեան, նաեւ սննդեղէն եւ բժշկական պիտոյք ապահովելու», ըսաւ ան: Մաքրոնի այս յայտարարութիւնը ընդվզեցուց շատ մը քաղաքական շրջանակներ, որոնք քննադատեցին ֆրանսայի քաղաքականութիւնը եւ որակեցին զայն որպէս «գաղութատիրական քաղաքականութեան վերադարձ»: Իսկ երբ Ժմէյզիի մէջ ժողովուրդը «Յեղափոխութիւն» եւ «(նախագահ) Միշել Աունը ահաբեկիչ է» պոռացին` Մաքրոն ըսաւ, որ ինք Լիբանան չէ եկած պետութեան կամ կառավարութեան զօրակցելու, այլ` քաղաքական նոր նախաձեռնութիւն մեկնարկելու:
Հետեւաբար հոս կը հարցնենք, արդեօ՞ք Լիբանան կ'ուղղուի դէպի նոր քաղաքական իրավիճակի մը, ինչպէս որ կատարուեցաւ Մայիս 2008-ին, երբ լիբանանցի քաղաքական գործիչներ Քաթարի մայրաքաղաք՝ Տոհայի մէջ հանդիպեցան եւ հասան համաձայնութեան: Որոշ աղբիւրներ կը նշեն, որ Ֆրանսա եւ Իրան հասած են համաձայնութեան մը, ըստ որուն՝ Իրան պիտի երաշխաւորէ որ «Հըզպալլա» դադրեցնէ իր յարձակումները Իսրայէլի վրայ, իսկ Ֆրանսան միջնորդութիւն պիտի կատարէ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ, գծելու համար երկու երկիրներու ծովային սահմանները, որ վէճի առարկայ դարձած է երկու երկիրներուն միջեւ, որովհետեւ Իսրայէլ Լիբանանի սահմանէն սկսած է արտահանել քարիւղ: Ֆրանսա կը յուսայ, որ այս համաձայնութեամբ ֆրանսական քարիւղի ընկերութիւնները՝ ինչպէս օրինակ TOTAL-ը, ներդրումներ կատարեն այս տարածաշրջանին մէջ:
Մաքրոն գործնականի անցնելու համար, առցանց միջազգային խորհրդաժողով մը կազմակերպեց մասնակցութեամբ՝ Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան եւ Միջազգային դրամատան հետ, ուր քննարկեցին Լիբանանին տրամադրուելիք դրամական օժանդակութիւնները, որոնցմով լիբանանցիները պիտի հոգան իրենց սննդամթերքի, դեղորայքի եւ բնակութեան կարիքները:
Միւս կողմէ, տակաւին յստակ չէ թէ արդեօք Ֆրանսա այս քայլով կը գործակցի՞ ամերիկեան եւ թրքական կողմին հետ: Միջերկրականի արեւելեան ափին մէջ բախում մը կայ ֆրանսական եւ թրքական ուժանիւթային շահերուն միջեւ: Ռուսաստան կը փորձէ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն խաղալ, հետեւաբար Ֆրանսա նաեւ պիտի արդարացնէ իր քաղաքականութիւնը, ներառելու Անգարան եւ Մոսկուան: Աղէտէն քանի մը օր ետք, Լիբանան այցելեց Թուրքիոյ փոխ նախագահը ընկերակցութեամբ ՝Արտաքին գործոց նախարարին, որ շրջագայեցաւ նաեւ Պէյրութի մէջ թուրքերու (մասնաւորապէս թուրքմէննէրու) կողմէ բնակեցուած շրջանները: Ան յայտարարեց, որ Անգարա պատրաստ է թրքական անցագիր տրամադրել այն լիբանանցիներուն, որոնք թրքական արմատներ ունին եւ թէ ասկէ ետք Թուրքիա լուռ պիտի չմնայ եթէ թրքական կամ թուրքմենական համայնքը Լիբանանի մէջ թիրախաւորուի:
Այս քաղաքական վիճակէն մեկնած, յառաջիկայ օրերը պիտի որոշեն յաջորդ քանի մը տարիներու Լիբանանի քաղաքական իրավիճակը: Ֆրանսա շատ լաւ գիտէ, որ իր քաղաքականութիւնը պիտի չյաջողի եթէ Ռուսաստան, Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ նեցուկ չկանգնին իրեն: Լիբանանը այժմ կը մտնէ նոր քաղաքական փուլ: