image

ՀՄՄ-ի Պէյրութի սկաուտական միաւորին արշաւ-ուխտագնացութիւնը

ՀՄՄ-ի Պէյրութի  սկաուտական  միաւորին   արշաւ-ուխտագնացութիւնը

Օրերս  ՀՄՄ-ի Պէյրութի սկաուտական միաւորը  արշաւ-ուխտագնացութիւն մը  իրականացուցած է դէպի  Լիբանանի կրօնական   յայտնի վայրերէն  համարուող Հրիսայի շրջան։

 

 Այս  մասին իմացանք   միաւորի  դիմատետրի   էջէն,  որ մասնաւորապէս գրած է՝

 

Շաբաթ, 29 Մայիս 2021-ին, Հ.Մ.Մ. Պէյրութի Սկաուտական կազմը կատարեց արշաւ-ուխտագնացութիւն դէպի Հարիսա։
Հ.Մ.Մ. Պէյրութի արիներու արշաւը սկիզբ առաւ Ճիւնիի շրջանէն եւ անտառին մէջէն քալելով հասան Հարիսա, ուր աղօթեցին։
Ապա Հ.Մ.Մ. Պէյրութի Սկաուտական կազմը մեկնեցաւ ճաշարան, ընթրեցին մտերմիկ եւ ընկերային մթնոլորտի մէջ, ապա ուղղուեցան իրենց բնակարանները։