image

Պէյրութի մէջ. Մահացած է նուիրեալ հայուհի եւ մայր Աղաւնի Գաբրիէլեանը

Պէյրութի մէջ. Մահացած է նուիրեալ հայուհի եւ մայր Աղաւնի Գաբրիէլեանը

 Օրերս Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Աղաւնի Գաբրիէլեան-Անթոսեանը։

 

 Այս մասին իմացանք հանգուցեալի հարազատներէն։

 

  Հանգուցեալի հարազատները մեր տրամադրութեան տակ դրին Տիկին Աղաւնի Գաբրիէլեանի յիշատակին գրուած մահագրական մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ։

 

 

 

Աղաւնի Գաբրիէլեան, ծնեալ Անթոսեան, եղած է սիրուած իր իւրաքանչիւր զաւակի համար, որոնք բոլորը եկան Լիբանան իր կեանքի ամէնավերջին օրերուն զգացնելու իրենց սէրն ու երախտագիտութիւնը իրենց մօր, որ յաղթահարելով ծանրագոյն դժուարութիւնները արժանավայել մանկութիւն պարգեւած էր իրենց։

Աղաւնի Գաբրիէլեանը բախտաւոր կին եղած է նաեւ ունենալով լաւագոյն ամուսին՝ Աբրահամը, որ 18 տարի առաջ հեռացաւ այս կեանքէն, սակայն մինչեւ կեանքի վերջին օրը սիրահարուած էր իրեն լիարժէք սիրով ու ամէնօրեայ իր գուրգուրանքով գեղեցկացուցած էր իր կեանքը։

Աղաւնին, ծնած էր Հալէպ ու 1 տարեկանին եկած ընտանիքին հետ ու հաստատուած Նոր Մարաշի թաղամասը ու հպարտ էր Մարաշցի ըլլալուն, որուն հանրագիտարաններէն մէկն էր։ Գիտէր բոլոր մարաշցիներու նախնիներն ու տոհմածառը։

Վարպետ էր ձեռային գործերու մէջ ու յատկապէս Մարաշի գործերու։

Անոր մասին կարելի է ըսել թէ տքնաջան աշխատող էր, բարի, կատակասէր, շէն, երգ ու պարը սիրող։

Զաւակները կ՛ըսեն թէ հակառակ բաժանումի ցաւին, միայն ուրախալի յուշեր կը մնան իրենց մօրմէն։ Գիտեն որ ան ուրախ ու բախտաւոր կին ու մայր եղած է։

Աղաւնի Գաբրիէլեանը հայասէր էր այնքան, որ ապրելով Զուք Միքայէլի արաբական միջավայրի մէջ, հայկական շունչը շատ ամուր պահեց ընտանիքէն ներս։

Զաւակները Ճիւնիի ՀՄԸՄ ուղարկեց իրենց ամէնափոքր հասակին, որպէա զի պահպանեն հայերէն լեզուն եւ ոգին։

Ինք միացաւ Ճիւնիի ԼՕԽ-ի մասնաճիւղին ճիշտ 50 տարի առաջ ու ԼՕԽ-ի ընկերուհիները կը վկայեն որ ան եղած է միշտ շէն ու ուրիշներուն հասնող։

5 զաւակով, 13 թոռով ու արդեն ծոռերով, իր մայրական պարտքը լի ու լի տուած հրաժեշտ կու տայ ան երկրաւոր աշխարհին։

 

Նշենք, որ Աղաւնի Գաբրիէլեանի վերջին հրաժեշտի, յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնները կատարուած են այսօր Պէյրութի Նորաշէն շրջանին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալի մարմինը փոխադրուած է Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն։

 

 Այս տխուր առթիւ  «Արեւելք»   իր  խորին  ցաւակցութիւնները կը յղէ հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն եւ մասնաւորապէս մեր թերթի բարեկամ Ֆրանսա հաստատուած  ազգային-հասարակական գործիչ Վարդան Գաբրիէլեանին։