Լիբանանի մէջ ուրբաթ օրը արձակուրդի օր յայտատարելու հարցը սկսած է դառնալ տարակարծութիւններ սրող նոր օրակարգ: Նշենք, որ անցնող շաբաթներուն եւ մասնաւորապէս երկրի սիւննի համայնքի մէկէ աւելի պատասխանատուներ սկսած են խօսիլ ուրբաթ օրը արձակուրդի օր յայտարարելու կարեւորութեան մասին:
Ըստ կայանին հիւսիսային Աքքար շրջանի երեսփոխան Խալէտ Տահէր (սիւննի) կը պատրաստուի յառաջիկայ օրերուն այս թեմային վերաբերեալ օրէնքի նախագիծ մը ներկայացնել խորհրդարան: Կայ նաեւ կարծիք, որ ուրբաթ օրը, որ կը համարուի իսլամներու աղօթքի օր, հարկաւոր չէ, որ պաշտօնական հաստատութիւններն ու գրասենեակները ամբղջ օրը փակեն իրենց դռները, այլ յատկապէս իսլամ պաշտօնեաները ունենան աղօթք կատարելու ժամեր, որմէ ետք աշխատանքները պիտի շարունակուին բնականոն հունով:
Յիշեցնենք, որ ուրբաթ օր արձակուրդ վերցնելու թեման կը վերաբերի յատկապէս երկրի կառավարական հաստատութիւններուն եւ գրասենեակներուն, որոնց մէջ կարեւոր թիւ կը ներկայացնեն պետական համակարգի իսլամ պաշտօնեաներն ու տնօրէնները:
Յատկապէս վերջին տարիներուն ընթացքին Լիբանանի մէջ մարդահամար չէ կատարուած ու մինչ մօտիկ անցեալին կը խօսուէր (թուային առումով) բնակչութեան իսլամ- քրիստոնեայ հաւասար թիւեր ունենալու մասին, այսօր սակայն ներկայացուած պատկերը նոյնը չէ, բայց քաղաքական կողմեր կը խուսափին այդ մասին իրական պատկեր եւ ճշմարտութիւններ ներկայացնելու: