«Լիբանանեան ուժեր»ու աղբիւրը նշած է, որ Սամիր ԺաԺա պատրաստ է աջակցիլ կառավարութեան ստեղծման, պայմանաւ, որ իր նախարարական աթոռն ու վարչապետի տեղակալի պաշտօնը չկորսնցնէ:
«Ալ Ախպար» թերթին փոխանցմամբ, ԺաԺահ-Հարիրի հանդիպման ժամանակ Հարիրի խնդրած է զոյգ քաղաքական Լիբանանեան ուժերու եւ Ազատ ազգայոններու միջեւ առկայ տարակարծութիւնները վերացնել, որուն ընդառաջած է Ճահճահ:
Հանդիպման ընթացքին Հարիրի դիտել տուած է, որ երկիրը տնտեսական խոշոր ճգնաժամի շեմին է, եւ անհրաժեշտ է արագացնել կառավարութեան ստեղծման գործընթացը, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ դիմագրաւել այդ դժուարութիւնը:
Հարիրի շեշտած է, որ ինք պիտի ջանայ առաւելագոյնը 3 շաբաթներու ընթացքին կազմել նոր կառավարութիւնը: