Մինչեւ անցնող օրերուն իրավիճակը մասամբ հանդարտ էր եւ մայրաքաղաք Պէյրութի ու հեռաւոր նահանգներու գրեթէ բոլոր ճանապարհները վերաբացուած էին, երէկ երեկոյեան ընթացք առած բողոքի ալիքը նոր իրավիճակ կը ստեղծէր Լիբանանի մէջ։
Լրատուական աղբիւրներ, որ այս մասին լուրեր կը տարածեն, կը նշեն նաեւ, որ երէկուան ցոյցերը թուային առումով եւ ժողովրդային մասնակցութեան առումով աննախադէպ էին։
Իսկ այսօր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ Պէյրութի կեդրոնական շրջաններն իրար կապող մայրուղիները կը շարունակեն մնալ փակուած, հակառակ լիբանանեան բանակին կողմէ ճանապարհները վերաբանալու միտուած քայլերուն։
Բողոքարարները, որոնց մեծ մասին մօտ Պաապատյի նախագահական պալատին մօտ երէկ տեղի ունեցած զօրակցական հաւաքին վերաբերեալ մեծ հիասթափութիւն մը կայ, նախագահ Աունէն կը պահանջեն արագ քայլեր ձեռնարկել երկրի նոր վարչապետի անունը հրապարակելու համար։
Քաղաքական առումով ալ եւ մինչեւ այս պահը ընդհանուր պատկերին մէջ անորոշութիւն մը կայ ու տակաւին պարզ չէ, թէ Աուն վարչապետի պաշտօնին համար Հարիրիի անունը պիտի յայտարարէ՞, թէ՞ ոչ։
Ինչ կը վերաբերի վարչապետ Հարիրիի տեսակէտներուն, ապա անոր մօտիկ կանգնող աղբիւրներ կը յայտնեն, որ Հարիրի վարչապետութիւնը ընդունելու համար պահանջած է «թէքնոքրաթ» կառավարութիւն մը կազմելը, որուն մէջ նախկին կառավարութեան անդամներու անուններ պիտի չըլլան։