Լիբանան մօտ է քաղաքական կարեւոր համաձայնութեան մը: Խօսքը կը վերաբերի բնականաբար ընտրական նոր օրինագիծ մը մշակելու թեմային, որուն մասին վերջին ժամերուն սկսած են լսուիլ դրական տեղեկութիւններ:
Այսպէս ըստ կայանին վաղը երեկոյեան Պաապտայի նախագահական պալատէն ներս տեղի ունենալիք «Ռամատան»ին ընթացքին երկրի նախագահ զօր. Միշէլ Աուն պիտի յայտարարէ քաղաքական կողմերուն ընտրական նոր օրինագծի մը շուրջ գոյացած համաձայնութեան մասին:
Ըստ նախնական տուելաներուն նոր օրէնքը պիտի ըլլայ «համեմատական օրէնք» մը, որուն շնորհիւ երկրի բաղկացուցիչ եղող իւրաքանչիւր համայնք պիտի յաջողի ընտրել եւ խորհրդարան հասցընել իր երեսփոխանը:
Կը խօսուի նաեւ, որ 2009-էն ի վեր յետաձգուող ընտրութիւնները շատ հաւանաբար տեղի ունենան այս տարուան սեպտեմբերին:
Յիշեցնենք, որ հայկական երեք կուսակցութիւններն ու յարանուանութիւնները ներկայացնող երեսփոխաններուն թիւը վեց է եւ սպասելի է, որ հայկական ներկայացուցութիւնը մնայ նոյնը եւ հայկական կողմը ընտրութիւններուն երթայ համախոհական եւ առողջ մթնոլորտի մը մէջ, դրական օրինակ մը հանդիսանալով Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն: