image

ԼՂՀ ԱԳՆ ղեկավարը հանդիպած է Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ներկայացուցիչներու հետ

ԼՂՀ ԱԳՆ ղեկավարը հանդիպած է Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ներկայացուցիչներու հետ

9 մայիսին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Կարէն Միրզոյեանը հանդիպած է Ստեփանակերտի մէջ կայացած Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովի մասնակիցներուն հետ։

Իր խօսքի մէջ ԼՂՀ ԱԳՆ ղեկավարը ներկայացուցած է ապրիլի սկիզբը Ազրպէյճանի կողմէ ԼՂՀ դէմ սանձազերծուած լայնածաւալ ռազմական յարձակումի հետեւանքով ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի մէջ ստեղծուած իրավիճակը։ Կարէն Միրզոյեանը նաեւ անդրադարձած է ԼՂՀ միջազգային ճանաչման գործընթացին, տարբեր բնագաւառներու մէջ միջազգային համագործակցութեան հաստատման եւ զարգացման։ ԼՂՀ արտաքին գործերու նախարարը դրական գնահատած է Հայ Դատի կառոյցներու հետեւողական ջանքերը՝ ուղղուած Արցախի շահերու պաշտպանութեան եւ խթանման։ Այնուհետեւ Կարէն Միրզոյեանը պատասխանած է ներկաներու հարցերուն ԼՂՀ արտաքին քաղաքական խնդիրներու, տարածաշրջանային զարգացումներու եւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք համագործակցութեան վերաբերեալ։