Պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինը, որ Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացի է, երէկ, Երեքշաբթի օր յատուկ չուերթով Մինսկէն տեղափոխած են Պաքու: Այս մասին կը հաղորդէ «Interfax», վկայակոչելով Պաքուի օդակայանի իր թղթակիցին փոխանցած տեղեկութիւնը: Լափշինը յանձնած են Ազրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններուն:
Յիշեցնենք, որ ավելի վաղ Պելառուսի Գերագոյն դատարանը մերժած էր Լափշինի՝ Ազրպէյճան արտայանձնելու որոշման վերաբերեալ բողոքը:
Լափշին ձերբակալուած էր 16 Դեկտեմբեր 2016-ին, Պելառուս՝ Ազրպէյճանի պահանջով, ուր պլոկըրին նկատմամբ քրէական գործ յարուցուած է: Անոր դէմ ներկայացուած մեղադրանքներուն համար կրնայ 5-8 տարուան ազատազրկում սպառնալ: