Հալէպահայ կեանքէն ներս իր ունեցած բեղուն կրթական աւանդին համար գրող, դասախօս, բանասէր Տիկ.Լալա Միսկարեան-Մինասեանը պարգեւատրուած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան շնորհած «Մայրենիի Պաշտպան» վկայագրով: Տիկ. Միսկարեանի նշեալ վկայագիրը յանձնուած էր ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ կազմակերպուած «Հայապահպանութեան գործում նշանակալի աւանդին համար» ամենամեայ մրցանակաբաշխութեան ծիրէն ներս: Նշենք, որ Տիկ. Միսկարեան, բացի հալէպահայ կարգ մը դպրոցներու մէջ իր աւանդէն, ան նաեւ հայ գրականութեան դասախօս է Հալէպի Համազգայինի հայագիտական հիմնարկէն ներս: Այս տարի լոյս տեսած էր վերջին պատերազմական տարիներուն Հալէպի հայ գաղութի կեանքին մասին պատմող անոր «Սուրիական Օրագրութիւն» գիրքը: