image

Կոչ Եւ Առաջարկ ՌԱԿ Անդամակցութեան. Վարդան Նազիրեան

Կոչ Եւ Առաջարկ  ՌԱԿ Անդամակցութեան. Վարդան Նազիրեան

 «Արեւելք»ի խմբագրութիւնը  ստացած է   Տիար Վարդան Նազիրեանի   ստորագրութիւնը կրող  ՝   «Կոչ  եւ առաջարկ ՌԱԿ  անդամակցութեան» խորագրեալ  յօդուածը: Նշենք, որ ամերիկահայ  կուսակցական գործիչը առաջին անգամը չէ,  նման մտահոգութիւններով հանդէս կու գայ: Այս յօդուածով   Նազիրեան տեսական  մօտեցումներէն  անդին երթալով  կը ներկայացնէ   գործնական  առաջարկներ, որոնց հիմնական  մտահոգութիւնը    հայկական աւանդական կուսակցութիւններէն  մէկուն՝ ՌԱԿ-ի  տագնպաներուն  լուծման համար «ճանապարհային քարտէզ» մը   գծելն  է:  Նշենք, որ «Արեւելք»  յաջողեցաւ  կապ հաստատել Պրն.  Նազիրեանին հետ եւ յառաջիկայ օրերուն  պիտի հրապարակենք անոր հետ մեր ունեցած    հարցազրոյցը: Ստորեւ կը հրապարկենք յօդուածը:

Խմբ. 

 

 

Նախ՝ մօտալուտ տօնական օրերու բարեմաղթանքներով, խաղաղ եւ համերաշխ ոգիով կ'ողջունեմ ձեզ բոլորդ։

 

Ապա՝ կ'ուզեմ յայտնել, որ մինչեւ օրս ելեկտրոնային նամակներ կը ստանամ, որոնք յուսահատութեան ու նաեւ զգաստութեան արտայայտութիւններու կողքին կը պարունակեն օգտակար խորհուրդներ։ Իսկապէս, կարեւոր է գիտակցիլ մեր սիրելի Կուսակցութեան ներկայ կացութեան, թափանցել անցեալի ու ներկայի սխալներուն, որոնցմէ պէտք է քաղենք ներկայի դասերը եւ նայուածքնիս ուղղենք դէպի ապագայի աշխատանքները, որպէսզի լաւագոյնս ծառայենք մեր ժողովուրդին ու Մայր հայրենիքին՝ մեր Կուսակցութեան միջոցով։

 

Թոյլ տուէք, սիրելի ընկերներ եւ ընկերուհներ, անգամ մը եւս արձագանգել նախորդ կոչիս միտք բանիին։ Շատերու բաղձանքով եւ թելադրութեամբ, նոյնիսկ հակադիր կողմերու խորհուրդով, պիտի ուզեմ անգամ մը եւս կոչ ուղղել ՌԱԿ եւ ԹՄՄ բոլոր պատասխանատու մարմիններուն, որ ժամանակն է վերամիաւորումի ու վերականգնումի աշխատանքին լծուելու համար, ժամանակը այլեւս հասած է խօսքէն գործի՛ լծուելու համար։

 

Արդ, վայելելով բարոյական աջակցութիւնը շատ մը ընկերներու, ղեկավար թէ շարքային, կ'առաջարկեմ աշխատանքային եւ նպատակային հետեւեալ քայլերը.-

 

1.- Անմիջական գործադրութեան պայմանով համակուսակցական moratorium մը հաստատել հրապարակային փոխադարձ մեղադրանքներու եւ քննադատութիւններու վրայ (յօդուած, լրատուութիւն, շրջաբերական, նամակ, պատժական որոշում, թէ այլ)։

 

2.- Մինչեւ Յունուար 9, 2016 հակադիր երկու կողմերէն պաշտօնապէս ինծի յայտնել իրենց հինգական ներկայացուցիչներու անուանացանկը, որոնցմէ պիտի գոյանայ բանակցային միացեալ մարմին մը, որուն լիազօրութիւնը պիտի ըլլայ առանց որեւէ նախապայմանի մինչեւ Փետրուար 1, 2016 թուականը գումարելի ժողով-հանդիպման մը ընթացքին կայացնել՝

 

ա) Միտքերու փոխանակում՝ նոր գաղափարներու եւ ընդհանուր տեսլականի մը շուրջ,

 

բ) Կուսակցութեան առջեւ ծառացած գլխաւոր խնդիրներու սահմանում,

 

գ) Հարցերու լուծման համար «ճանապարհային քարտէս»ի մշակում։

 

3.- Միացեալ Մարմինը մինչեւ Երեւանի մէջ գումարուելիք Ընդհանուր Պատգամաւորական ժողովը պէտք է ունենայ իր յաջորդական ժողովները, որոնց ընթացքին պէտք է համաձայնութիւն գոյացնէ սկզբունքային հետեւեալ հարցերու շուրջ՝

 

ա) Կազմել համակուսակցական միջազգային մարմին մը, որուն հսկողութեան տակ պիտի ըլլայ Կուսակցութեան եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան պատկանող կալուածներու եւ նիւթական միջոցներու (Մ. Նահանգներ, Գանատա, Լիբանան, Հայաստան եւ այլ երկիրներ) ամբողջութիւնը՝ զանոնք ՌԱԿ ապագայ Կեդրոնական վարչութեան հետ խորհրդակցաբար տնօրինելու պարտականութիւնը։

 

բ) Կազմել Գերագոյն Մարմին մը, բաղկացած ամենափորձառու եւ երէց ընկեր-ընկերուհիներէ, որպէս խորհրդատու Կեդրոնական վարչութեան, կալուածային եւ նիւթական հարցերու շուրջ՝ վճռական ձայնի իրաւունքով։

 

գ) Համաձայնաբար յառաջադրել ՌԱԿ Կեդր. Վարչութեան ատենապետի թեկնածու մը, ընտրելի Ընդհ. Պատգմ. Ժողովին կողմէ, որ վերջին 20 տարիներուն այդ պաշտօնը չէ վարած։

 

դ) Կազմել ՌԱԿ եւ ԹՄՄ Մամուլի յանձնախումբի մը ցանկը, որ նմանապէս պէտք է հաստատուի Ընդհ. Պատգմ. Ժողովին կողմէ։

 

ե) Վերանայիլ ու վերլուծել մեր արտակուսակցական յարաբերութիւններու վիճակը եւ լուծումներ առաջարկել այլ կազմակերպութիններու եւ անհատներու հետ յարաբերութիւններ կարգաւորելու ուղղութեամբ։

 

4.- Վերոյիշեալ, ինչպէս նաեւ Միացեալ Մարմնի ժողովներուն ընթացքին որդեգրուած միւս հարցերն ու անոնց լուծումները ներկայացնել յառաջիկայ Ընդհ. Պատգմ. Ժողովին՝ ի քննութիւն եւ վաւերացում։

 

5.- Կազմակերպել Ընդհ. Պատգամաւորական Ժողովը՝ անխտիր բոլոր շրջանակներէ եւ մեկուսի ակումբներէ վերընտրուած պատգամաւորներու մասնակցութեամբ։

 

 

 

Հետեւաբար կը խնդրեմ ձեզմէ, սիրելի ընկեր-ընկերուհիներ, մինչեւ Դեկտեմբեր 28, 2015 իմ հասցէիս ղրկել ձեր զօրակցական գրութիւնները, խորհուրդներն ու առաջարկութիւնները, որպէսզի ամբողջովին լիազօրուած զգամ անգամ մը եւս լծուելու վերամիացման եւ վերականգնումի առաքելութեանս։

 

Վստահ եմ, որ բոլորս պիտի ողջունենք ՌԱԿ-ի նոր Զարթօնքը, նոր Սկիզբը մեր պանծալի Կուսակցութեան։

 

 

 

Ընկերական ողջոյններով՝

 

 Վարդան Նազիրեան