image

Կիրակոս Գույումճեան «Կայաններ եւ դիրքորոշումներ». Գրեց՝ Թորոս Թորանեան

Կիրակոս Գույումճեան «Կայաններ  եւ դիրքորոշումներ». Գրեց՝  Թորոս Թորանեան

395 էջերու վրայ տարածուող այս հատորը տպուած է 2015-ին, Քուէյթի մէջ, որպէս հրատարակութիւն Հայաստանի Գրողներու Միութեան:

Սկիզբէն յայտնենք, որ հայերէն լեզուով հրատարակուած այս հատորին բնագիրը արաբերէն է:

Եթէ ըսենք, թէ երեւոյթ մըն է այս գիրքը, սխալած չենք ըլլար:

Ինչո՞ւ, որովհետեւ արաբական աշխարհին մէջ ապրող մեր ժողովուրդի զաւակներէն շատ քիչեր միայն տիրապետած են արաբերէնին եւ կրցած են այս տարածուն լեզուով հանդէս գալ յօդուածներով ու գիրքերով:

«Երեւոյթ» բառը օգտագործեցինք նաեւ ելլելով այն իրողութենէն, որ Կիրակոս Գույումճեան, Հալէպի ծնունդ, հասակ առնելով ազգային ոգիով, աւելի քան  քառասուն տարի ապրելով Քուէյթ, պարտք համարած է մեր ժողովուրդը իր բազում կողմերով ներկայացնել արաբական մամուլի էջերէն: Արաբական մամուլ, որ լոյսին կու գայ Քուէյթ, Պէյրութ, Լոնտոն, հասնելով բազմահազար ընթերցողներու:

Եթէ ըսենք, թէ Կիրակոս Գույումճեանի հրատարակած արաբերէն յօդուածներուն թիւը բազմատասնեակ է` նուազը յայտնած կ'ըլլանք:

Այս տղուն հետաքրքրութեան սահմանները ընդարձակ են ու կը վերաբերին ոչ միայն քաղաքական այժմէական հարցերու, այլ կ'ընդգրկեն նաեւ գիտութեան եւ մշակոյթի բազում ոլորտներ, միշտ ներկայացնելով Հայաստանը, յաճախ անձնապէս, կամ մամուլով, վէճի բռնուելով ազերի կամ թուրք դեսպանի մը հետ, Քուէյթի մէջ:

Եւ այս բոլորը, քիչ է ըսել այս բոլորը, տասնամեակներու ընթացքին, հետեւողականօրէն, առանց դադարի մինչեւ այսօր:

Հեղինակը հատորին «Ձօն»-ին մէջ կ'արձանագրէ.

 

 

ՁՕՆ

 

Անոր որ մէջս կ'ապրի

Եւ ես` ոչ իր մէջ

Ոսկէ հասկին եւ խաղողի այգիներուն

Նահատակներու արեան եւ Բռնագը-

րաւեալ  Արարատ Լերան

Քեզի` մեծ հայրերուս հայրենիքին եւ

ներշնչումիս աղբիւրին

Կը նուիրեմ այս գիրքս:

 

Այս տողերը կարդալով վստահ եմ հասկցաք, թէ որպիսի՜ հայու մը հետ է մեր գործը:

Հիմա` գիրքը, որ գեղատիպ է ու զարդարուած գունատիպ նկարներով: Հատորը կը բացուի մաղթանքներու խօսքերով մեր զոյգ կաթողիկոսներուն:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. գրած է.

«Գոհունակութեամբ ենք անդրադառնում, որ Ձեր հեղինակած գիրքը արաբախօս աշխարհին տեղեկատուութիւն է մատուցում նաեւ հայ ժողովրդի պատմութեան, արցախեան հակամարտութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Գովելի է, որ զանգուածային լրատուամիջոցներով Դուք դէմ էք հանդէս եկել թուրքական եւ ազրպէյճանական դիւանագիտութեան տարածած ապատեղեկատուութեանը»:

Իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայարպետը` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. գրած է.

«Քաջածանօթ ենք, որ երկար տարիներէ ի վեր անխոնջ կերպով կը պայքարիք Ձեր գրիչին ճամբով մեր արդար Դատը ծանօթացնելու օտարներուն, յատկապէս արաբ հանրութեան, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ բերելու մեր ժողովուրդին արդար իրաւունքները: Վստահ ենք, որ նման աշխատանքները իրենց կարեւոր սատարը պիտի բերեն՝ արդարութեան հետամուտ զօրակցութիւնը ապահովելու տեսակէտէն, ի նպաստ մեր իրաւունքներուն»:

Հատորին մէջ իրենց խօսքը ունին ՀՀ նախկին արտաքին գործոց նախարար (1998-2008) Վարդան Օսկանեան, որ Գույումճեանի ճիգերը  կը նկատէ կարեւոր բաց մը ամբողջացնող:

 «Վարպետ Գույումճեանի լեզուն երկխօսութեան լեզու է, որուն մէջ չկայ այն ամբարուած ատելութիւնը, զոր կը գտնենք ոխակալութեամբ եւ բացասականութեամբ լիցքաւորուած ու զինուած ատելութիւնը ատելութեամբ փոխադարձելու աղաղակին եւ ճիչին մէջ, որոնց համար կարծէք թէ Արարատը գտնուի Հրատ մոլորակին վրայ, Հայաստանն ալ Ատլանդիտ ցամաքամասին մէջ:

Հեղինակին «Յառաջաբան»-ին մէջ կը կարդանք.

«Կար ժամանակ, երբ կը կարծէի, թէ այլ ժողովուրդներ շատ բան գիտեն մեր դատին մասին, սակայն ափսո՜ս,  այդպէս չէր: Յայտնաբերեցի նաեւ, որ դպրոցներու եւ եկեղեցիներու մէջ կատարուած Մեծ Եղեռնի ամէնամեայ յուշահանդէսներն ու սգատօները, ճառերն ու այլ ձեռնարկները կը մնան սահմանափակ եւ կը շրջին միայն մեր ուղեծիրին մէջ: Ճչացողները մենք հայերս կ'ըլլանք եւ կարծէք միայն մենք կը լսենք մեր ճիչն ու հառաչանքը... ասիկա պարզապէս կը նշանակէ, թէ այս անցած  ամբողջ  ժամանակին ընթացքին մեր դատը իր խորութեամբ ուրիշներուն չէ հասած»: 

Ահա թէ ինչու ամբողջ տասնամեակներ, արաբական մամուլի էջերէն (ինչպէս նաեւ հայ մամուլի էջերէն) Կիրակոս Գույումճեան ի լուր աշխարհին ներկայացուցած է ոչ միայն մեր դատն ու պատմութիւնը, Ցեղասպանութեան եւ Արցախի հարցին կողքին, այլ նաեւ հայ փառապանծ մշակոյթը:

Հատորը կը պարունակէ նաեւ թարգմանիչին խօսքը: Բեմադրիչ եւ թատերագիր այս ուսուցիչը` Մանուէլ Քէշիշեան, քաջ իմանալով օգտագործուած հայերէնն ու արաբերէնը, յիրաւի օգտաշատ գործ մը կատարած է, անկասկած կարելի իրաւութեամբ եւ հաճելիի սահմանը պահելով հայերէնի վերածած այս արաբերէն լեզուով գրուած գործը, ըսելով.

«Անծանօթ անուն մը չէր ինծի համար հեղինակը, կարդացած էի իրմէ յօդուածներ ե՛ւ արաբերէն, ե՛ւ հայերէն լեզուներով, սակայն իր բոլոր յօդուածները քով-քովի, արաբերէն հրատարակուած մէկ գիրքի մէջ տեսնելը ուրախացուց զիս, որովհետեւ Գույումճեան անոր ընդմէջէն արաբ ընթերցողին կը ներկայացնէ մեր դատը իր տարբեր երեսներով, անոր կէտ նպատակը արաբ ընթերցողը մեր դատին արդարացի ըլլալը համոզելն է, հայուն քաղաքակիրթ ու մշակոյթի տէր ազգ ըլլալը ցոյց տալն է, հայուն իր ապրած երկրին հաւատարիմ քաղաքացի ըլլալը ցոյց տալն է, եւ այս բոլորը արաբին հասկնալի լեզուով, ոչ միայն անոր լեզուով անոր հետ խօսիլ, այլեւ անոր հետ խօսիլ հոգեբանօրէն` արաբին հետ խօսիլ արաբի՛ նման, որպէս ազդու միջոց՝ թափանցելով անոր հոգիին եւ մտքին խոր ծալքերը, ցաւելով անոր ցաւերուն հետ արաբի մը նման, Աստուծոյ դիմելով եւ Աստուծոյ ածականները գործածելով արաբի մը նման, եւ արաբի մը նման լուծումներ փնտռելով անոր ցաւերուն, եւ այս ամէնուն մէջ հայութիւնը միշտ ներկայութիւն է իր այս կամ այն հարցով, զոր Գույումճեան վարպետօրէն կը հրամցնէ ընթերցողին, եւ եթէ ես արաբ մը ըլլայի, կարդալով Գույումճեանի յօդուածները կը համակրէի հայերուն, պաշտպան կը կանգնէի անոնց դատի»:

Շնորհակալութիւն Մանուէլ, դուն արդէն ըսած եղար այս գիրքին մասին իմ ըսելիքներս, այլապէս այս գործը լրիւ ներկայացնել դժուար պիտի ըլլար եւ երկար:

Ես պիտի գամ անդրադառնալու, թէ իր այս հատորին մէջ ինչպիսի նիւթեր ընդգրկած է Կիրակոս Գույումճեան. սկիզբը ահա յօդուածներու շարք մը` թիւով 19, ուր հեղինակը խօսած է նախ Ղարաբաղի հարցին շուրջ, ապա Սթալինի դերին մասին, որ Արցախն ու Նախիջեւանը յանձնած է  ազերիներու «խնամքին», որպէս «ոչխարներու» պահակ գայլ ու աղուէս:

Գույումճեան 36 տարի անընդմէջ հետեւելով արաբական «Արապի» ամսագրին, հսկայական գիտելիք կրցած է ամբարել անոր էջերէն: Կարծէք այդ ամսագիրը իր դասատուն եղած ըլլար: Ահա թէ ինչու «Արապի» ամսագիրը իր էջերը կը բանայ իր աշակերտին, եւ ոչ միայն «Արապի»-ն: Առիթը օգտագործելով յայտնեմ, որ Գույումճեան աշխատակցած է  Քուէյթի «Ալ Քապաս», Լիբանանի «Ալ Նահար», Լոնտոնի «Ալ Արապի» ամսագիրին, «Ալ Շարք Ալ Աուսաթ», «Ալ Րա՛այ Ալ Աամ», Լիբանան` անգլերէնով «Տէյլի Սթար», «Քուէյթ Թայմզ»  թերթերուն, անշուշտ արաբերէնով միշտ անդրադառնալով հայկական հարցերու, մերթ նաեւ արաբական: Միշտ ներկայացնելով հայկական հարցերը ու մերթ անդրադառնալով քաղաքական վերլուծումներու, ուր միշտ ներկայ են հայն ու Հայաստանը իրենց բազմապիսի մշակութային եւ ընկերային հարցերով: Մշակութային հարցերու առընթեր, ան արաբականի կողքին խօսած է նաեւ հայ ճարտարապետութեան մասին: Գույումճեան կը նշէ, թէ վեցանկիւն աստղը սիոնականութեան սեփականութիւնը չէ, այլ՝ արաբ ճարտարապետներ կանուխէն եւ բազում անգամ օգտագործած են այդ նախշը ըստ պատշաճի:  Ուրեմն, եթէ արաբը մերժէ օգտագործել վեցթեւ աստղը` սիոնիստները պիտի սեփականացնեն:

Ահա պատճառ մը, զոր արաբները կը բաժնէ երկուքի...

Հայ մամուլէն Կիրակոս (Կարօ) Գույումճեան աշխատակցած է Պէյրութի «Արարատ», «Զարթօնք», «Ազդակ» օրաթերթերուն, «Ծաղիկ» պարբերականին, Սթամպուլի «Ակօս»-ին, «Մարմարա»-ին, Հալէպի «Գանձասար»-ին, ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ»-ին: Այս տարբեր մամուլի օրկաններուն մէջ օգտագործելով հայերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ թրքերէն լեզուները:

Գույումճեան կը յայտնէ, թէ ազերիները կեղծ դրօշ դարձուցած են Խոճալուն, երբ Արցախի հայութիւնը այդ գիւղի բնակիչներուն մեկնումի ազատ ճամբայ ցոյց տուած է: Իսկ ազերին կ'ուզէ մոռնալ տալ Սումկայիթի հայոց ջարդը, երբ անոնց բնակարաններուն վրայ նախապէս նշաններ դրին, որպէսզի յաջորդ օրերուն իրենց յարձակումը դիւրացնէին, պատշգամներէն փողոց մեր մանուկները նետէին, հայ անցորդներ կրակի մատնէին, հրկիզէին:

Հարցազրոյցի մը պարագային.

Հարցում - Ինչո՞ւ Թուրքիան իր դեսպանը տուն կանչեց հայկական ջարդերու իրողութեան ընդունումէն անմիջապէս ետք  (Ֆրանսա 2001):

Պատասխան -  Սպասելի էր, որ Թուրքիան սարսափէր եւ իր դեսպանը ետ կանչէր երկրէ մը, որ վարագոյրը քաշելով՝ իրականութիւններ կը յայտարարէր:

Եւ այսպէս ամէն էջի վրայ` վարագոյրներու բացում...

Գանատան նոյնքան զայրացուց թուրքերը 2004-ին, հայոց վրայ գործադրած ուժը ցեղասպանութիւն կոչելով: Շարքը երկարիլ սկսած էր.- Իտալիա, Զուիցերիա, Լիբանան, Կիպրոս, Հարաւային Ամերիկա, ԱՄՆ-ի 47 նահանգներ: Ինչպէ՞ս հանգըստանար Թուրքիան: Գույումճեան այս բոլորը կը յստակացնէ արաբական մամուլին մէջ:

Կիրակոս Գույումճեան գրողը կարմիր դրօշի, այրող դրօշի վերածած է Աւետիս Ահարոնեանի մէկ ասոյթը.

«Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք,

Թող ողջ աշխարհն հայուն կարդայ նախատին»:

Դադար չունի հրապարակագիր Գույումճեան, ճիշդ ժամանակին բաց նամակներ կը հասցէագրէ խոստումնադուրժ Պարաք Օպամային, Եւրոպական Միութեան դեսպաններուն, Ֆրանսայի նախագահ Ժագ Շիրաքին, Զուիցերիոյ դեսպանին, ընդհուպ Էրտողանին գրելով, թէ «Հայոց ակնկալածը ցաւակցական խօսքերէն աւելի են»: Շատ աւելին:

Հրանդ Տինքին նահատակութիւնը, լաճի մը կողմէ Թուրքիոյ հայ քաղաքացի-աղաւնի մը գնդակի զոհ դարձնելը ցոյց կը տրուի որպէս կրակոց` ուղղուած Հայ Դատին,  որ սակայն կապարով չի մեռնիր, երբ «այդ դատը պաշտպանողներ կան»:

Հատորին մէջ, բացի առաջին 19 յօդուածներէն, որոնց նիւթը անընդմէջ կը դառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայկական իրաւունքին շուրջ, Գույումճեան ընթերցողներուն կը ներկայացնէ հայ նահատակներու լուսանկար մը, որուն տակ արձանագրուած է. «Այս աչքերը ականատես եղած են ցեղասպանութեան»:

Պատասխաններ կան, տրուած պատմաբաններու հարցին, երբ թրքական արխիւներէն բնաջնջուած են ցեղասպանութիւնը հաստատող բոլոր նիւթերը: Արարատը չի կրնար Աղրը տաղ դառնալ, բռնագրաւուած Սուրբ Լեռը մերն է ու կը մնայ մերը:

Գույումճեան հինգ յօդուածներէ բաղկացած շարքով մը կը խօսի հայկական մշակոյթի մասին, ներկայացնելով հայ գրականութեան գլուխգործոցը` «Մատեան Ողբերգութեան»ը:

Հայոց գունազարդ այբուբենը մեզի կը ժպտի ոչ միայն հատորի կազմին վրայէն, այլ նաեւ գիրքին 166-րդ էջէն` մանրամասն տուեալներով:

Հեղինակը դրուատանքի խօսքեր ունի Արամ Ա.-ի մասին, որպէս իմաստուն ղեկավարի, երբ Քուէյթ ապրող մեր ժողովուրդը ջերմօրէն դիմաւորած էր Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը: Գաղութը երկար սպասած էր Վեհափառին այցը:

Յօդուածներու նոր շարք մը եւս կայ` թիւով վեց, որոնք հայ-արաբական առնչութիւններ եւ ընկերային հարցեր կը շօշափեն: Զենոպիա թագուհիին ներկայացման առիթով Րահպանի եղբայրներու գովեստը կայ, բայցնաեւ քննադատութիւնը, որ ցուցադրման մէջ թերի արաբերէն խօսող հայու կերպար մը ներկայացուած է ապուշի դերով:

Գույումճեան հոս մարդու պատկանելիութեան հարցը կը ծեծէ մանրամասնօրէն:

Յօդուածներու այլ շարք մը եւս, արաբական հարցեր շօշափող` թիւով 12: Գլխաւոր նիւթը Պաղեստինն է: Հեղինակը մեծ գովեստի կ'արժանացնէ պաղեստինցի հայ երգիծանկարիչ Հաճի Ալ Ալին, մէկը, որ դաւադիր գնդակի զոհ կը դառնայ, քանի որ ցնցող եւ արուեստի ուժով ստեղծուած էին անոր երգիծանկարները:

Պայծառ ու երփնագեղ նկար մը, մակագրած` «Քուէյթ` Հայաստանը Արաբական Աշխարհին կապող կամուրջ»:

Անվերջանալի են Գույումճեանին նիւթերը. «Ուժն ու Ուժեղները Անցեալի ու Ներկայի Միջեւ», հեղինակը ուրախացնող նոր նիւթ` Քուէյթի Խորհրդարանը կ'ունենայ չորս կին պատգամաւոր:

Նիւթ կը պակսի՞, ահա «Հայու մը Ողջոյնի խօսքը Կազա ուղղուած Ազատութեան Նաւատորմին»:

Արաբերէն գիրքէն զատ վեց յօդուածներ եւս տպուած են հայերէն հատորին մէջ, որոնց կը յաջորդեն եօթ յօդուած եւս` հայկական նիւթերով, եւ ուր կը շեշտուի հայուն նուիրումը Սուրիոյ, հայուն շնորհակալութեան խօսքը արաբներուն, որոնք գեհէնափախի տարիներուն հիւրընկալեցին մեզ...

Ներկայացուած է նաեւ Ահարոնեանի «Հայը» որպէս կերպար: Հոս «Հայ»ը վախկոտ չէ, քիւրտին սիրտը դանակ կը խրէ:

Գունատիպ պատմական քարտէզի մը մէջ կը ներկայացուի EUXING SEA- Սեւ ծով հասած Հայաստանը`  KINGDOM OF ARMENIA, տպուած Ք.Ա.  5-րդ դարուն:

Հեղինակը իսլամացած հայերը քոյր եւ եղբայր կը կոչէ, որոնք սկսած են ընդունիլ իրենց ծագումը:

Մէկ խօսքով, Կիրակոս Գույումճեան որդի Ներսէսի գրողին այս գիրքը, եթէ արաբին ուղղուած խօսք է, արաբ ընթերցողը հայուն կապող, ուրեմն հայերէնի այս թարգմանութիւնը հայուն հպարտութիւն պատճառող հատոր է, ուր հայը ներկայացուած է որպէս խիզախ պահանջատէր: Այս հատորին հայը գիտակից այն տիպարն է, որ կրնայ քննել մեծ տէրութիւններու խարդաւանքները ու գիտէ, թէ իր նոր օրերու երթուղին, նախագծուած երթուղին, զինք պիտի տանի ապահովուած բերկրալի Հայաստան` գործադրելով Չարենցի անկրկնելի պատգամը:

 

Թորոս Թորանեան

 «Արարատ» /Պէյրութ