Քուէյթահայ ազգային բարերար Կիրակոս Գույումճեան այս տարի եւս իր տնօրինած «Ներսէս Շնորհալի» անունով մրցանակը տրամադրած է Քուէյթի Ազգային Վարժարանի առաջադէմ աշակերտներէն՝ Միրնա Այնթէպեանին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Քուէյթէն։
Նշենք, որ մրցանակի տւչութիւնը տեղի ունեցած է Քուէյթի Ազգային վարժարանի ամավերջի վկայականաց բաշխման հանդիսութեան ընթացքին, ներկայութեամբ Թեմի Առաջնորդ Տ. Մասիս եպս. Զօպույեանին (Ներկայիս Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ), վարժարանի տնօրէն Տօքթ. Ներսէս Սարգիսեանի ու նաեւ ձեռամբ բարերար` Կիրակոս Գույումճեանի։
Նշենք, որ սոյն մրցանակը 5 տարիներէ ի վեր կը շնորհուի Քուէյթի եւ Հալէպի մէջ պաքալօրիայի առաջին հանդիսացող հայ աշակերտին։ Մրցանակի նպատակն է խրախուսել հայ աշակերտը հասնելու ուսման բարձր դիրքերու եւ անոր պարգեւն է 3000 ամերիկեան տոլար։