Մի քանի օր առաջ հանրային փոխադրամիջոցի մը մէջ ականատեսը եղայ արարքի մը, որուն եթէ ուզենք անուն մը տալ, մի միայն կրնանք ազգասիրութիւն անուանել:
Մեզմէ շատերուն մօտ ազգասիրութիւն հասկացողութիւնը բարդ եւ դժուար իրագործելի գործողութիւն կամ արարք մըն է, սակայն իրականին մէջ այդպէս չէ, ընդհակառակը, շատ պարզ եւ դիւրաւ իրագործելի արարք է, ուր էականը կամքն ու համոզուածութիւնն են:
Արդարեւ, փոխադրամիջոցին մէջ ի շարս այլոց, կար նաեւ Հայկական Բանակին մէջ ծառայող պարզ շարքային մը: Կանգառներէն մէկուն մօտ երբ հանրակառքը կանգ առաւ, սպիտակահեր միջին տարիքի մարդ մը, իջնելու պահուն, երբ շարքայինին կողքէն կ՛անցնէր, կամացուկ մը անոր ըսաւ՝ «կ՛իջնէք»…:
Մեզմէ շատերը կրնան արտայայտուիլ ըսելով՝ «ի՞նչ է որ, ով ալ ըլլար նոյն կերպ կը վարուէր»: Այո՛, ով ալ ըլլար նոյն կերպ կը վարուէր, բայց այստեղ վարուիլը չէ էականը, այլ՝ արարքը, եւ արարքէն անդին այդ արարքին տուն տուող պատճառները:
Ազգասիրութիւնը մեր կարողութիւններէն վեր բաներ չի՛ պահանջեր մեզմէ, ոչ ալ այնպիսի «սխրագործութիւն»ներ, որոնց մասին խօսիլն անգամ աւելորդ է: Չէ, ազգասիրութիւնը այդ չի՛ պահանջեր մեզմէ: Ազգասիրութեան մեզմէ պահանջածը շատ պարզ ու համեստ բան է, որ կը կայանայ հետեւեալներուն մէջ.
ա) Ազգային պատկանելիութիւն:
բ) Նուիրում:
գ) Հաւատարմութիւն:
դ) Միութեան գիտակցութիւն:
Չարենցի ազգասիրական պատգամը արդարեւ, կ՛ըսէ. «Ով Հայ ժողովուրդ, քու միակ փրկութիւնդ քու հաւաքական ոյժիդ մէջ է»: Եթէ այս պատգամը իւրացնենք եւ լաւապէս ըմբռնենք, բնականաբար կը հասկնանք, որ այդ «հաւաքական ոյժը» իրականութիւն կւ դառնայ միայն այն ատեն, երբ ազգովին միացած ըլլանք: Իսկ ազգովին միանալու ճանապարհին սկիզբը, այդ սպիտակահեր մարդուն կատարած փոքր արարքներէն է, որ սկիզբ կ՛առնէ:
Մեր կարողութիւններէն վեր եղող բաներու մասին չմտածենք, այլ՝ աշխատինք գործել այն՝ ինչը գործելու ի զօրու ենք, որով ի շարս այլոց մեր լուման նետած կ՛ըլլանք ազգասիրութեան գանձանակին մէջ, եւ սալ մը եւս հաստատած կ՛ըլլանք ազգասիրութեան ճանապարհին վրայ:
Յակոբ Քորթմոսեան
7 Նոյեմբեր 2016