image

Խօսք Հրաժեշտի (Հանգուցեալ Սարգիս Գաբոյեանի Մահուան Քառասունքին Առթիւ)

Խօսք Հրաժեշտի (Հանգուցեալ Սարգիս Գաբոյեանի Մահուան Քառասունքին Առթիւ)

 Մէկ ամիս առաջ, խոր կսկիծով,  հայրենի  հողին յանձնեցինք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, հարազատին մարմինը, ի կատար ածելով  վստահաբար իւրաքանչիւր սփիւռքահայու, հայրենիքի մէջ  վերջնական հանգիստ գտնելու  յաճախակիօրէն արտայայտած իղձը:

  Մահուան խորհուրդը  ինքնին  իր վշտայարոյց իրականութեամբ, ցնցող պատահար է: Սակայն անձնական վիշտին զուգորդումը  համայնականին՝ կրկնակի դժբախտութեան առիթ կը հանդիսանայ: Սուրիահայ գաղութին բաժին ինկած պատերազմական վիճակին առթած ողբերգութիւնը, իր տխուր  ստուերը կը նետէ անձնական ամէն կենսավիճակի վրայ: Սարգիսին եւ ճակատագրակիցներուն տարաբախտ մահը, հեռու  հարազատ օճախէն՝  ծննդավայրէն, անսփոփ յուզականութեան  շեշտադրումով կը բնորոշէ  հալէպահայ կեանքի իւրաքանչիւր շիջում, հալէպեան սրբայուշ  հողէն դուրս:

  Սարգիսը, Ցեղասպանութենէն  վերապրած յարութեան խորհուրդը մարմնաւորող՝ Տիգրանակերտցի ամոլի մը երկրորդ սերունդի զաւակն էր: Իր հասակակիցներուն հետ, կեանքի դաժան յորձանուտին դէմ յանդիման, Սարգիսը իրողապէս  եղաւ հայու անկոտրում կամքի գոյութենապաշտ դրսեւորման,  բազում խորհրդանիշներէն մին: Տարագիր ծնողքի խեղճուկ իրականութեան վրայ խարսխուած վերապրումի աննահանջ ձգտումով, աւելի բարւօք եւ գեղեցիկ այսօր մը կերտելու, խիզախ ճանապարհի ճարտարապետներուն  փաղանգէն էր ան: Իր սերնդակիցներուն հետ ձեռք-ձեռքի,  հասու եղաւ հայու սիզոփոսեան կենսափիլիսոփայութեան գաղտնիքին, որուն դժուարին լեռնամագլցումին մէջ, ներդրեց անկոտրում աշխատունակութիւն եւ պարկեշտ  գործելաձեւ:  Արդիւնքը՝ այդ սերունդին  հրաշափառ յարութիւնն էր, ոգեղէն յաղթանակը,  ընդդէմ մահուան, թշուառութեան եւ ծրագրուած անէացումին...: Այդ երկունքին արգասիքը՝ հալէպահայ  հրաշք գաղութն էր, «Երազային Հալէպը», անպայմանօրէն  իրենցը, որ  ստացաւ  հոգի ու մարմին, յանձինս իր հարուստ ու կազմակերպուած շարքերուն, կրթօճախներուն, բազում  եկեղեցիներուն, մշակութային ակումբներուն եւայլն...: Սարգիսին  եւ անոր նմաններուն բիւր հազարաւոր ձեռքերով, խարսխուեցաւ  հալէպահայ անզուգական մայր գաղութը եւ ստացաւ իր այնքան  բարեհամբաւ(մինչեւ մօտիկ անցեալ երկարող) ազգային, վարչական այդ հոյակերտ կառուցուածքը: Ի պատիւ  հանգուցեալի յիշատակին, ան երբեք մոռացութեան չմատնեց իր համեստ անցեալը: Ամէն պատեհ առիթի, այդ հանգամանքին վերյիշումը իրեն համար հպարտառիթ մէջբերում էր: Յաջողութեան նուաճումի այդ արդար հոգեվիճակը միշտ ընկերակցեցաւ իրեն, ոչ իբրեւ սնափառութիւն, այլ՝ ինքնակերտումի փաստ, ցեղասպանութեան յաջորդած սերունդներու ինքնահաստատման իբրեւ  բնական գոյապաշտական արտացոլում:

  Եւ Սարգիսը դարձաւ իր պատկան գաղութին  համար բարեգործ մշտահոս առուակ: Ազգային նիւթական յանձնառութիւնը վերածեց անձնականին զուգահեռ՝ սրբազան պարտքի:    Իր հնարաւորոթիւններուն  համապատասխան (եւ երբեմն աւելի), եղաւ մշտակայ ներկայութիւն բարեգործ նուիրատուներու երկար  ցանկին: Եւ ուշագրաւ էր, որ  իր պատկան ենթակառոյցի կողքին, չմերժեց բնաւ առաջարկները տարբեր հոսանքներէ եկող խնդրարկուներուն: Կարծես իր կեանքի օրինակով,կ'ուզէր նուիրականացնել համազգային  հանդուրժողութիւնը եւ վանել այլամերժութիւնը:

   Սարգիսը՝ գաղափարի  մարտիկ էր... բառին խորիմաստ  հասկացողութեամբ:  Հաւատաւոր այն զարմանահրաշ սերունդէն  մին՝ որը  գաղափարը վերածեց «աղբիւրը լոյսին», առաջնորդները՝ անմահ պառնասի:  Բնազդական ընկալումով  հագաւ, ներծծեց  գաղափարը, վերածելով զայն իտէալական տեսլականի: Սարգիսին կուսակցական անխառն նկարագիրին անհարիր էին ներքին խժդժութիւնները կամ խոհանոցային քաշկռտուքները:  Ինքը հոն էր... վերեւները, իր գաղափարական առաջնորդներու  փաղանգին  մօտիկ, լիցքաւորուելով անոնց անսպառ հոգեւոր արժէքներէն: Եւ պատահական չէր, որ ան՝ հակառակ առեւտրական ըլլալու հանգամանքին, գրեթէ ամբողջութեամբ  կարդացած էր Դաշնակցական գրականութիւնը: Իր ամէնօրեայ տասը էջանոց  օրաթերթը կը տողանցէր ակնոցներուն առջեւէն, առաջին էջէն մինչեւ տասներորդը, իրեն  յատուկ երկիւղածութեան  հասնող արարողակարգով: Անոր աշխարհայացքով՝ կուսակցական մկրտութիւնը կը տեսնէր նոյնինքն անոր գրականութեան ճանաչումով:  Եւ  իբրեւ անշեղ հաւատարմագրուած, կը մերժէր ամէն պատեհապաշտ, դարձ-դարձիկ  գալարումներ, յանուն դիրքի կամ պաշտօնի:  Իրեն վստահուած  պաշտօններու ատանձնումն իսկ, կու գար  իբրեւ անուղղակի մէկ դրսեւորում, նոյնինքն այդ գաղափարին սպասարկութեան  ի խնդիր:

   Բնականաբար իբրեւ իր հարազատ  ընտանիքը, մեզի պիտի վերապահենք անոր անձնուէր, գուրգուրոտ եւ առատաձեռն  հարազատի կերպարին անմոռաց յիշատակը: Մեր  ընտանեկան յիշատակարանին   հարստութիւնն է այդ, իր բազում երանգներով: Աւելցնենք, որ մարդկային արժեչափի համեմատական  խաղին մէջ, որոշիչ տոկոս մը կայ, որ մարդ էակը մարդու կը վերածէ: Այդ տոկոսը վստահաբար նուաճուած է յանձինս անոր կեանքի կտրած  ճանապարհին: Անոր լաւատես եւ  շենշող բնաւորութիւնը, պիտի շարունակէ ոգեշնչել իր ընտանիքը եւ մերձաւորները, շարունակելու համար այդ աւանդը:

   Խիստ փափաքելի է, որ  Սարգիսը իր  բախտակից  ընկերներով, չվերածուի  հալէպահայ վերջին մոհիկաններու: Նոր սերունդները  հասնին՝ մեկնողներու նոյն այդ նկարագրով ու պահուածքով թարմացած, վերադարձնելու «Հալէպը» աւագներուն կերտած«ոգեղէն Հալէպը», նոր տարազով, յառնումի  հայատիպ գործելաընթացքի մը ընդմէջէն, որպէսզի խաղաղ ննջէ  Սարգիսի  հոգին...:

   Սիրելիս, մարմնաւոր բացակայութեանդ քառասունքին առթիւ, հողը թեթեւ գայ յոգնած  մարմնիդ: Տիրոջ լոյսը  ընդգրկէ  հոգիդ:

                                                                                    Նորա Թիւրպետնեան-Գաբոյեան