Մէկ ամիս առաջ, խոր կսկիծով, հայրենի հողին յանձնեցինք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, հարազատին մարմինը, ի կատար ածելով վստահաբար իւրաքանչիւր սփիւռքահայու, հայրենիքի մէջ վերջնական հանգիստ գտնելու յաճախակիօրէն արտայայտած իղձը:
Մահուան խորհուրդը ինքնին իր վշտայարոյց իրականութեամբ, ցնցող պատահար է: Սակայն անձնական վիշտին զուգորդումը համայնականին՝ կրկնակի դժբախտութեան առիթ կը հանդիսանայ: Սուրիահայ գաղութին բաժին ինկած պատերազմական վիճակին առթած ողբերգութիւնը, իր տխուր ստուերը կը նետէ անձնական ամէն կենսավիճակի վրայ: Սարգիսին եւ ճակատագրակիցներուն տարաբախտ մահը, հեռու հարազատ օճախէն՝ ծննդավայրէն, անսփոփ յուզականութեան շեշտադրումով կը բնորոշէ հալէպահայ կեանքի իւրաքանչիւր շիջում, հալէպեան սրբայուշ հողէն դուրս:
Սարգիսը, Ցեղասպանութենէն վերապրած յարութեան խորհուրդը մարմնաւորող՝ Տիգրանակերտցի ամոլի մը երկրորդ սերունդի զաւակն էր: Իր հասակակիցներուն հետ, կեանքի դաժան յորձանուտին դէմ յանդիման, Սարգիսը իրողապէս եղաւ հայու անկոտրում կամքի գոյութենապաշտ դրսեւորման, բազում խորհրդանիշներէն մին: Տարագիր ծնողքի խեղճուկ իրականութեան վրայ խարսխուած վերապրումի աննահանջ ձգտումով, աւելի բարւօք եւ գեղեցիկ այսօր մը կերտելու, խիզախ ճանապարհի ճարտարապետներուն փաղանգէն էր ան: Իր սերնդակիցներուն հետ ձեռք-ձեռքի, հասու եղաւ հայու սիզոփոսեան կենսափիլիսոփայութեան գաղտնիքին, որուն դժուարին լեռնամագլցումին մէջ, ներդրեց անկոտրում աշխատունակութիւն եւ պարկեշտ գործելաձեւ: Արդիւնքը՝ այդ սերունդին հրաշափառ յարութիւնն էր, ոգեղէն յաղթանակը, ընդդէմ մահուան, թշուառութեան եւ ծրագրուած անէացումին...: Այդ երկունքին արգասիքը՝ հալէպահայ հրաշք գաղութն էր, «Երազային Հալէպը», անպայմանօրէն իրենցը, որ ստացաւ հոգի ու մարմին, յանձինս իր հարուստ ու կազմակերպուած շարքերուն, կրթօճախներուն, բազում եկեղեցիներուն, մշակութային ակումբներուն եւայլն...: Սարգիսին եւ անոր նմաններուն բիւր հազարաւոր ձեռքերով, խարսխուեցաւ հալէպահայ անզուգական մայր գաղութը եւ ստացաւ իր այնքան բարեհամբաւ(մինչեւ մօտիկ անցեալ երկարող) ազգային, վարչական այդ հոյակերտ կառուցուածքը: Ի պատիւ հանգուցեալի յիշատակին, ան երբեք մոռացութեան չմատնեց իր համեստ անցեալը: Ամէն պատեհ առիթի, այդ հանգամանքին վերյիշումը իրեն համար հպարտառիթ մէջբերում էր: Յաջողութեան նուաճումի այդ արդար հոգեվիճակը միշտ ընկերակցեցաւ իրեն, ոչ իբրեւ սնափառութիւն, այլ՝ ինքնակերտումի փաստ, ցեղասպանութեան յաջորդած սերունդներու ինքնահաստատման իբրեւ բնական գոյապաշտական արտացոլում:
Եւ Սարգիսը դարձաւ իր պատկան գաղութին համար բարեգործ մշտահոս առուակ: Ազգային նիւթական յանձնառութիւնը վերածեց անձնականին զուգահեռ՝ սրբազան պարտքի: Իր հնարաւորոթիւններուն համապատասխան (եւ երբեմն աւելի), եղաւ մշտակայ ներկայութիւն բարեգործ նուիրատուներու երկար ցանկին: Եւ ուշագրաւ էր, որ իր պատկան ենթակառոյցի կողքին, չմերժեց բնաւ առաջարկները տարբեր հոսանքներէ եկող խնդրարկուներուն: Կարծես իր կեանքի օրինակով,կ'ուզէր նուիրականացնել համազգային հանդուրժողութիւնը եւ վանել այլամերժութիւնը:
Սարգիսը՝ գաղափարի մարտիկ էր... բառին խորիմաստ հասկացողութեամբ: Հաւատաւոր այն զարմանահրաշ սերունդէն մին՝ որը գաղափարը վերածեց «աղբիւրը լոյսին», առաջնորդները՝ անմահ պառնասի: Բնազդական ընկալումով հագաւ, ներծծեց գաղափարը, վերածելով զայն իտէալական տեսլականի: Սարգիսին կուսակցական անխառն նկարագիրին անհարիր էին ներքին խժդժութիւնները կամ խոհանոցային քաշկռտուքները: Ինքը հոն էր... վերեւները, իր գաղափարական առաջնորդներու փաղանգին մօտիկ, լիցքաւորուելով անոնց անսպառ հոգեւոր արժէքներէն: Եւ պատահական չէր, որ ան՝ հակառակ առեւտրական ըլլալու հանգամանքին, գրեթէ ամբողջութեամբ կարդացած էր Դաշնակցական գրականութիւնը: Իր ամէնօրեայ տասը էջանոց օրաթերթը կը տողանցէր ակնոցներուն առջեւէն, առաջին էջէն մինչեւ տասներորդը, իրեն յատուկ երկիւղածութեան հասնող արարողակարգով: Անոր աշխարհայացքով՝ կուսակցական մկրտութիւնը կը տեսնէր նոյնինքն անոր գրականութեան ճանաչումով: Եւ իբրեւ անշեղ հաւատարմագրուած, կը մերժէր ամէն պատեհապաշտ, դարձ-դարձիկ գալարումներ, յանուն դիրքի կամ պաշտօնի: Իրեն վստահուած պաշտօններու ատանձնումն իսկ, կու գար իբրեւ անուղղակի մէկ դրսեւորում, նոյնինքն այդ գաղափարին սպասարկութեան ի խնդիր:
Բնականաբար իբրեւ իր հարազատ ընտանիքը, մեզի պիտի վերապահենք անոր անձնուէր, գուրգուրոտ եւ առատաձեռն հարազատի կերպարին անմոռաց յիշատակը: Մեր ընտանեկան յիշատակարանին հարստութիւնն է այդ, իր բազում երանգներով: Աւելցնենք, որ մարդկային արժեչափի համեմատական խաղին մէջ, որոշիչ տոկոս մը կայ, որ մարդ էակը մարդու կը վերածէ: Այդ տոկոսը վստահաբար նուաճուած է յանձինս անոր կեանքի կտրած ճանապարհին: Անոր լաւատես եւ շենշող բնաւորութիւնը, պիտի շարունակէ ոգեշնչել իր ընտանիքը եւ մերձաւորները, շարունակելու համար այդ աւանդը:
Խիստ փափաքելի է, որ Սարգիսը իր բախտակից ընկերներով, չվերածուի հալէպահայ վերջին մոհիկաններու: Նոր սերունդները հասնին՝ մեկնողներու նոյն այդ նկարագրով ու պահուածքով թարմացած, վերադարձնելու «Հալէպը» աւագներուն կերտած«ոգեղէն Հալէպը», նոր տարազով, յառնումի հայատիպ գործելաընթացքի մը ընդմէջէն, որպէսզի խաղաղ ննջէ Սարգիսի հոգին...:
Սիրելիս, մարմնաւոր բացակայութեանդ քառասունքին առթիւ, հողը թեթեւ գայ յոգնած մարմնիդ: Տիրոջ լոյսը ընդգրկէ հոգիդ:
Նորա Թիւրպետնեան-Գաբոյեան