19 Յունուար 2007-ին Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ սպաննուած խմբագիր եւ մտաւորական Հրանդ Տինքի դատավարութիւնը կը շարունակուի: Այս առումով վերջին կարեւոր զարգացումը գրանցուեցաւ երէկ, երբ դատական խորհուրդը 9 ոստիկաններու անուններ տալով անոնց դէմ ձերբակալման որոշում հրապարակեց: Այս մասին այսօր կարճ վերլուծական նիւթ մը հրապարակած է Հրանդ Տինքի հիմնադրած՝ «Ակօս»ը: Թերթը, որուն հայատառ յաւելուածը լոյս կը տեսնէ ամէն Հինգշաբթի օր նկատել կու տայ, որ այս պայմաններուն մէջ Տինքի դատական գործին առընթեր արդարութիւն ակնկալելը միամտութիւն է: Պարբերականը նաեւ կը նշէ այն հանգամանքները, որոնց մէջ դատական ընդհանուր գործը, ուր տարբեր միջոցներով դատա- իրաւական մարմիններ ճիգեր գործադրեցին դատական գործը իր հունէն շեղելու եւ աւելորդ մանրամասնութիւններ լոյսին տալով հանրութեան ուշադրութիւնը այլ տեղ տանելու: Հրանդ Տինքի երազը Թուրքիոյ վերացումը չէր: Անոր երազը Թուրքիան ամբողջական առումով ժողովրդավար երկիր մը տեսնելն էր: Ու այդ երազին համար նահատակուեցաւ: Հրանդի տեսլականին մէջ հաւասարապէս կար հայկական հարցին լուծման խնդիրը: Հակառակ Հրանդ Տինքի սպաննութեան դատական գործին հանդէպ եղած տարբեր ձեւի անտեսումներուն, ձգձգումներուն եւ աղաւաղումին ան պիտի մնայ ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան տենչացող մեր այսօրուան իտէալը:
«Խմբագիր»