image
Հրատապ լուրեր:

Խմբագրական. Հրանդ Տինք Կը Շարունակէ Մնալ Մեր Իտիալը

Խմբագրական. Հրանդ  Տինք  Կը Շարունակէ Մնալ Մեր Իտիալը

 19   Յունուար 2007-ին Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ  սպաննուած    խմբագիր  եւ մտաւորական Հրանդ  Տինքի դատավարութիւնը կը շարունակուի: Այս առումով վերջին կարեւոր զարգացումը   գրանցուեցաւ երէկ,  երբ  դատական խորհուրդը      9   ոստիկաններու անուններ տալով    անոնց դէմ ձերբակալման  որոշում հրապարակեց: Այս  մասին    այսօր կարճ վերլուծական նիւթ մը  հրապարակած է    Հրանդ Տինքի հիմնադրած՝    «Ակօս»ը: Թերթը, որուն հայատառ յաւելուածը  լոյս կը տեսնէ  ամէն Հինգշաբթի օր նկատել  կու տայ, որ այս  պայմաններուն մէջ  Տինքի  դատական գործին առընթեր արդարութիւն  ակնկալելը միամտութիւն է:  Պարբերականը նաեւ կը  նշէ այն հանգամանքները, որոնց մէջ  դատական ընդհանուր գործը,  ուր տարբեր միջոցներով      դատա- իրաւական մարմիններ ճիգեր  գործադրեցին    դատական գործը  իր հունէն շեղելու եւ  աւելորդ   մանրամասնութիւններ լոյսին տալով հանրութեան ուշադրութիւնը այլ տեղ   տանելու:   Հրանդ Տինքի  երազը  Թուրքիոյ վերացումը չէր: Անոր երազը  Թուրքիան  ամբողջական  առումով ժողովրդավար երկիր մը  տեսնելն էր: Ու այդ երազին համար նահատակուեցաւ: Հրանդի տեսլականին   մէջ հաւասարապէս կար հայկական  հարցին լուծման խնդիրը:  Հակառակ Հրանդ Տինքի սպաննութեան դատական   գործին  հանդէպ  եղած  տարբեր  ձեւի  անտեսումներուն, ձգձգումներուն   եւ  աղաւաղումին  ան պիտի մնայ ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան տենչացող  մեր  այսօրուան  իտէալը:

 

 «Խմբագիր»