image
Հրատապ լուրեր:

Կառավարութեան կողմէ Սահմանադրական Դատարանի դատաւորի թեկնածուն է՝ Վահրամ Աւետիսեանը

Կառավարութեան կողմէ Սահմանադրական Դատարանի դատաւորի թեկնածուն է՝ Վահրամ Աւետիսեանը

ՀՀ կառավարութիւնը Սահմանադրական դատարանի դատաւորի թեկնածու պիտի առաջադրէ Վահրամ Աւետիսեանը:

Հարցը ներառուած էր կառավարութեան այսօրուան նիստին օրակարգին մէջ եւ Կառավարութիւնը հաստատեց ՍԴ դատաւորի պաշտօնին Վահրամ Աւետիսեանի թեկնածութիւնը: 

Կառավարութեան նիստին թեկնածուն նշեց, որ որպէս ՍԴ դատաւոր՝ պէտք է ապահովէ ՍԴ դատաւորի անկախութիւնը, ապաքաղաքականացուածութիւնը, անաչառութիւնը:

«Հաշուի առնելով մեր երկրին մէջ ստեղծուած իրողութիւնները՝ պէտք է ապահովել ժողովրդավարութեան զարգացման գործին մէջ ՍԴ դերակատարութիւնը: Ժողովրդավարական արժէքները դասակարգումներ չեն, անոնք եղափոխութիւն կ'ապրին, եւ ՍԴ-ն, իր հիմքը ունենալով անհատի իրաւունքներն ու ազատութիւնները, պէտք է գործէ անոնց զուգահեռ՝ ապահովելով գործադիր, օրէնսդիր, դատական իշխանութեան ներդաշնակ գործունէութիւնը»,- ըսած է թեկնածուն:

Վարչապետը յաջողութիւն մաղթեց թեկնածուին ԱԺ քննարկումներուն եւ ընտրուելէ ետք՝ նաեւ ՍԴ դատաւորի կարգավիճակին: 

Վահրամ Աւետիսեանի կենսագրութիւնը՝ այստեղ