image

«Իտլիպ կրնայ երկրորդ Հալէպ դառնալ». Տէ Միսթուրա

«Իտլիպ կրնայ երկրորդ Հալէպ դառնալ». Տէ Միսթուրա

Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ դեսպան Տէ Միսթուրա հինգշաբթի, 15 դեկտեմբերին Փարիզի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ Իտլիպ քաղաքը, ուր ապաստան գտան Հալէպէն խոյս տուած ահաբեկիչներն ու անոնց ընտանիքները, կրնայ վերածուիլ «երկրորդ Հալէպ»ի: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆրանսբրէս» գործակալութիւնը:

«Եթէ քաղաքական համաձայութիւն չկնքուի եւ զինադադար չյայտարարուի, Իտլիպ երկրորդ Հալէպ պիտի դառնայ»,- ըսած է Տէ Միսթուրա, աւելցնելով. «նախապատւութիւնը պէտք է տրուի ՄԱԿ-ի կողմէ նշանակուած պաշտօնեաներուն, որպէսզի վերահսկեն Հալէպէն դուրս գալու գործընթացը»: