Իրայէլեան օդուժը գրոհներ իրականցուց Սուրիոյ դէմ: Այս մասին լուրը տրուեցաւ «Ալ Մայատին» կայանը, որ նաեւ փոխանցեց, թէ սուրիական բանակի պաշտպանակաn խարիսխներ կրակ բացին գրոհ իրականացնող կործանիչներուն ուղղութեամբ:
Իր կարգին իսրայէլեան բանակի բանբեր Ավէխայ Ատրոհի նկատել տուաւ, որ բանակը գրոհներ իրականացուցած է Սուրիոյ մէջ տեղակայուած իրանեան դիրքերու վրայ:
Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ պատերազմի շղթայազերծումէն ի վեր Իսրայէլեան բանակի օդուժը տասնեակ գրոհներ կատարած է Սուրիոյ բանակի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ գտնուող «Հըզպալլա»ի դիրքերուն վրայ:
Մինչեւ այս պահը գրոհներուն հետեւանքով զոհերու կամ վիրաւորներու մասին տեղեկութիւն չի տրուիր: