image

Իսրայէլեան օդանաւի խոցումը խուճապի մատնած է Նաթանիահուն

Իսրայէլեան օդանաւի խոցումը խուճապի մատնած է Նաթանիահուն

Լիբանանցի քաղաքական վերլուծաբան Նիտալ Ալ Սապըհի կարծիքով, Իսրայէլի հիւսիսային շրջանին մէջ սուրիական ուժերու կողմէ իսրայէլեան օդանաւի կործանումը խուճապի մատնեց Նաթանիահուն, միաժամանակ բացայայտելով իսրայէլեան ռազմական կառոյցի տկարութիւնը, եւ նոր հանգրուան տեղափոխեց հակամարտութիւնը:

«Սփութնիք» լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցի ժամանակ վերլուծաբանը նշած է, որ Իսրայէլ Ասատի պատրաստած ծուղակը ինկաւ, երբ վերջինս անօդաչու իրանեան օդանաւ ուղարկեց, հատելու համար իսրայէլեան օդային սահմանը, խուճապի մատնելով իսրայէլեան ռազմական կառոյցը, որ իր հերթին դիմեց ոչ կանխամտածուած քայլի ու հակահարուած հասցնելու նպատակով օդանաւ ուղարկեց, հատելու համար Սուրիոյ օդային սահմանը, ուր սուրիական օդուժի կողմէ կործանման ենթարկուեցաւ:

Սապըհի կարծիքով, Սուրիոյ պատրաստած ծուղակը նոր շունչ հաղորդեց հակամարտութեան, ցոյց տալով Իսրայէլին, որ Սուրիոյ օդային սահմաններէն ներս իսրայէլեան օդանաւերով թռիչքներ իրականացնելու ժամանակն անցած է, եւ սուրիական ուժերը կարող են պայքարի դուրս գալ վերջիններուս դէմ: