image

Իսրայէլցիք կը մեկնաբանեն Անգարայի իրենց դէմ ուղղուած մեղադրանքները

Իսրայէլցիք կը մեկնաբանեն Անգարայի իրենց դէմ ուղղուած մեղադրանքները

Իսրայէլեան հետախուզական «Debka» կայքը յայտնած է, թէ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան ահաբեկչութիւն եւ ցեղասպանութիւն իրագործելու մեղադրանք ուղղած է Իսրայէլի դէմ այն բանէն ետք, երբ իսրայէլեան ուժերը Ղազզայի սահմանին մօտ 62 խաղաղ ցուցարար սպանած են:

Կայքին կարծիքով, Թուրքիոյ նախագահը Իսրայէլի դէմ նման մեղադրանք ուղղելով նպատակ ունի շեղել հանրութիւնը թրքական լիրայի արժէքի անկման փաստէն:

Կայքին փոխանցմամբ, թրքական լիրայի արժէքի անկումը պայմանաւորուած է Էրտողանի յայտարարութեամբ, ուր վերջինս խոստացած էր յառաջիկայ յունիսի ընտրութիւններուն յաղթելու պարագային առաւել խիստ վերաբերմունք ցուցաբերել դրամական քաղաքականութեան նկատմամբ, միաժամանակ պնդելով, որ լիրայի անկումը պիտի շարունակուի, եւ բոլոր տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն պատճառը ԱՄՆ տնտեսութեան զարգացման դրական ազդեցութիւնն է Իսրայէլի տնտեսութեան վրայ:

Անդրադառնալով Թուրքիա-ԱՄՆ յարաբերութիւններուն, կայքը դիտել տուած է, որ վերջերս այդ յարաբերութիւնները զգայիօրէն վատթարացած են, նշելով, որ միայն ԱՄՆ Պաշտպանութեան նախարարութիւնն է, որ ցանկութիւն ունի Թուրքիոյ հետ համագործակցելու, սակայն նուազագոյն չափով: