image

Իսրայէլցի բանակայիններ դանակահարել փորձողը սպաննուած

Իսրայէլցի բանակայիններ դանակահարել փորձողը սպաննուած

Իսրայէլեան կառավարութիւնն այսօր յայտարարած է, որ իսրայէլցի զինծառայողներ դանակահարել փորձած պաղեստինցին սպաննուած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆրանսբրէս» գործակալութիւնը:

Իսրայէլեան բանակի հաղորդմամբ, յարձակման փորձ կատարող պաղեստինցին չէ յաջողած Նապլուսի հուսիսային շրջանին մէջ գտնուող զօրանոցի զինուորներէն ոեւէ մէկուն վնաս հասցնել:

Ըստ աղբիւրին, դանակով զինուած անձը յարձակած է պաղեստինցիներ ձերբակալելու պարտականութիւն ստանձնած իսրայէլցի զինուորներուն վրայ, որոնք քանի մը անգամ հրահանգած են կանգ առնել, այնուհետեւ, տեսնելով, որ չ'ենթարկուիր, կրակ արձակած են անոր ուղղութեամբ:

Բանակին հրապարակած  հաղորդագրութեան համաձայն, զօրանոցի զինծառայողները ենթարկուած են նաեւ կրակոցներու եւ պայթուցիկ նիւթերու գրոհի: