Կազզայի մէջ լարուած իրավիճակը կը շարունակէ իսրայէլեան լրատուամիջոցներու ուշադրութեան կեդրոնը մնալ, նկատի ունենալով, որ այնտեղ տիրող մարդասիրական ճգնաժամը կրնայ վատթարանալ ու վերածուիլ ռազմական հակամարտութեան:
Իսրաէլեան «Մաարիֆ» թերթը, վկայակոչելով իսրայէալցի անվտանգութեան մասնագէտ Եուսի Միլմանի յայտարարութիւնը նշած է, որ վերջին շաբթուան ընթացքին Կազայի մէջ տեղի ունեցած արիւնայեղութիւնը կը փաստէ, որ 2014 թուականի Ղազզայի դէպքերէն ի վեր տիրող խաղաղ վիճակը վերջ գտած է, որովհետեւ այնտեղ մարդասիրական իրավիճակը աստիճանաբար կը վատթարանայ, եւ այդ մէկուն միակ պատասխանատուն Իսրայէլն է:
Միլման նշած է նաեւ, որ քանի մը շաբաթ անց Ղազզայի պատերազմի աւարտի 4-ամեակը պիտի նշուի, եւ հակառակ անոր, որ Իսրայէլ կը պնդէ, թէ Համասի հետ ստորագրուած զինադադարի պայմանները բազմիցս խախտուած են, սակայն յամենայնդէպս, անցնող 4 տարիները համեմատաբար շատ խաղաղ եղած են, իսկ վերջին շաբթուան արիւնայեղութիւնը կտրականապէս վերջ պիտի դնէ խաղաղութեան: