Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու յայտարարած է, որ եթէ Իրան փորձէ փակել Պապ Ալ Մանտէպի նեղուցը, Իսրայէլ իր բանակը պիտի տարածէ Եմէնի սահմանին:
«Lebanon 24» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, անցնող շաբթուայ ընթացքին Իրանի դաշնակից Հուսիները Սէուտական Արաբիոյ ենթակայ երկու նաւթատար նաւեր թիրախաւորած են, որմէ ետք վերջինս ժամանակաւորապէս դադրեցուցած է Պապ Ալ Մանտէպով նաւթի տեղափոխումը:
Միւս կողմէ Հուսիները յայտարարած են, որ իրենք հնարաւորութիւն ունին սէուտական նաւահանգիստներն ու Կարմիր ծովու վրայ այլ թիրախներ հարուածելու:
Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ Իրան բացայայտ կերպով չէ սպառնացած Պապ Ալ Մանտէպը փակել, այլ յայտարարած է, թէ իր նաւթի արտահանման գործընթացը խափանուելու պարագային ինք Հերմեզի նեղուցը պիտի փակէ:
Նաթանիահու շեշտած է, որ Պապ Ալ Մանտէպ նեղուցը Իրանի կողմէ փակուելու պարագային վերջինս ինքզինք միջազգային դաշինքի դէմ հանդիպան պիտի տեսնէ, եւ այդ դաշինքին մէջ ներառուած պիտի ըլլան բոլոր իսրայէլեան ռազմական ստորաբաժանումները: