Լեհաստանի աւագանին երէկ նոր օրէնք հրապարակած է, որ կը միտի երկրի պատկերը բարելաւելու նպատակով դատապարտել նացիստական ճամբարները «Լեհական մահուան ճամբարներ» կոչելը: Այս մասին կը յայտնէ «Ֆրանսբրէս» լրատուական գործակալութիւնը:
Օրէնքը քննադատուած է Իսրայէլի կողմէ, համարելով, որ Ուարսօ կը ձգտի «վերափոխել պատմութիւնն ու հերքել Հոլոքոստը»:
Օրէնքի նախագիծը քննադատող ԱՄՆ շեշտած է, որ Լեհաստան նման օրէնքի հրապարակումով վտանգի տակ պիտի դնէ իր ռազմավարական յարաբերութիւնները, մանաւանդ՝ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի հետ: