image

«Իսլամական Պետութիւն»ը մահամե՞րձ

«Իսլամական Պետութիւն»ը մահամե՞րձ

Ամերիկեան «Foreign Policy» ամսագիրը յայտնած է, որ ԱՄՆ-ի կողմէ հովանաւորուող եւ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքար մղող Միջազգային դաշնութեան ուժերը կը պատրաստուին վերջին հարուածով մը ոչնչացնել խմբաւորման միաւորները:

Ամսագիրին հրապարակած յօդուածին մէջ նշուած է, որ աւելի քան հազար զինեալ ահաբեկիչ ներկայիս կը գտնուի Իրաքի սահմանամերձ Հուճայն գիւղին մէջ, եւ նկատի ունենալով, որ յիշեան շրջանը ահաբեկչական խմբաւորման տիրապետութեան տակ գտնուող վերջին տարածքն է, հետեւաբար զանոնք այդ վայրէն դուրս բերելու գործողութիւնը բաւական բարդ պիտի ըլլայ:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալները կ'արգիլեն տեղի բնակիչներուն դուրս գալ իրենց տիրապետութեան տակ գտնուող շրջաններէն, որովհետեւ վերջիններս որպէս մարդկային վահաններ կ'օգտագործեն, միաժամանակ յայտնելով, որ բնակիչներէն ոմանք Սուրիոյ Դեմոկրատական ուժերու աջակցութեամբ կարողացած են հեռանալ գիւղէն:

Փորձագէտներու կարծիքով, Հուճայնի պատերազմը վերջ պիտի դնէ Սուրիոյ մէջ 4 տարիներէ ի վեր գործունէութիւն ծաւալող Միջազգային դաշնութեան ուժերու առաքելութեան, մանաւանդ, որ «Իսլամական Պետութիւն»ն իր տիրապետութեան տակ գտնուած հողերու 99,5 տոկոսն արդէն կորսնցուցած է: