Իշխելու եւ կառավարելու տարբերութիւնը տակաւին չսորվեցան:
Հաւաքական հայրենիքի եւ սեփական ագարակի զանազանութիւնը դեռեւս չընկալեցին:
Գեղակերտ եկեղեցիներ կառուցելու մրցապայքարի ելան, կրօնական արարողութեանց առաջին շարքերը խճողեցին, Տէրունական աղօթքէն բառեր սկսան կմկմալ, բայց չհարցուցին թէ Հայ Եկեղեցւոյ եօթ մեղքերէն ագահութիւնն ու որկրամոլութիւնը ի՞նչ կը նշանակեն, որո՞նց կը վերաբերին:
Անոնք որոնք ընտրուեցան կառավարելու համար, կարծեցին թէ ի վերուստ նշանակուած են իշխելու համար: Հայրենիքը նմանեցաւ լափամանի, իւրաքանչիւր իշխանաւոր անկէ մեծ բաժին մը լափելու համար:
Ի՜նչ պատկերաւոր է այն խօսքը, որ կ'ըսէ. «մեղր բաժնողը մեղրի համին կը նայի». սա հասկնալի է արդէն. բայց ամբողջ մեղրը կուլ տալու իշխանաւորներու մոլուցքը քաղցածները կը փոթորկէ, ընկերային հակասութեան խրամատը կը խորացնէ, երկրին բնականոն կեանքը կը խախտէ:
Վերջերս անհանգիստ էր Երեւանը: Գլխաւոր պողոտան՝ Բաղրամեանը փակ էր ցուցարարներու պատճառով: Ելեկտրական գինի բարձրացումը փողոց նետեց դառնացած եւ բարկացած ժողովուրդը: Այս անգամ ալ «Ոչ Թալանին» անունով շարժումն էր առաջատարը մինի-քաոսին:
Արդեօք միայն ելեկտրականութեան սակագի՞նը ալեկոծեց հայրենի կեանքը:
Ոչ. այլ տարիներու ընթացքին կուտակուած մաղձը, որ օրըստօրէ կը լեղիանայ՝ ի տես շահագործումներու, ամենաթողութեան, անպատժելիութեան եւ սանձարձակութեան: Եւ վերջապէս թալանախտը նոր չէ, այլ վերջին տարիներու համատարած վարակ մը:
Այս թէժ եղելութեանց մէկ տաք պահուն, երբ հեռաձայնեցի Երեւան առաւել իրազեկուելու, ընկալուչին միւս կողմէ պատասխանը սա էր.
-Ինչու, ե՞րբ հանգիստ եղած է որ Երեւանը:
Որմէ ետք երբ մտաբերեցի վերջին քսանամեայ հայրենի կեանքը՝ արիւնալի ցոյցերու, «մաքրագործումներ»ու, թալանի, զանգուածային փախուստներու, թաքուն գործարքներու, ընկերային պոռթկումներու անվերջանալի շղթան, հաստատեցի խօսակիցիս մռայլ յիշեցումը:
Հայաստանի առաջին նախագահը երկրորդ անգամ կասկածելիօրէն նախագահ «ընտրուելէ» ետք (1996), իր իշխանութիւնը հաստատելու համար հարկադրուած եղաւ բանակը ի գործ դնել դժգոհ եւ թերահաւատ ցուցարարները ցրելու համար: Բիրտ ուժի կիրառումով տիրեց անդորրութիւն: Ներ-քաղաքական եռեւեփուն մթնոլորտը չսրելու մտահոգութեամբ ան կիսատ թողելով իր պաշտօնավարութեան շրջանը՝ հրաժարեցաւ: Ժողովուրդի հաւատքէն մասնիկ մը փրթաւ: Ապա, երկրորդ նախագահին ժամանակաշրջանը (1998-2008) քաղաքական վերլուծաբաններ կը բնութագրեն «արիւնոտ տասնամեակ»: Ան, 2003-ին, նախագահական ընտրութիւններէն ետք, նոյնպէս դիմեց բանակին՝ ընդդիմադիր հոծ ցուցարարները ցրելու եւ կայունութիւն հաստատելու նպատակով: Իր օրերուն սեւ խարանով դաջուեցաւ Հոկտեմբեր 27-ին նախճիրը: Ժողովուրդին մօտ թերահաւատութիւնը արմատ նետելու սկսաւ: Երրորդ նախագահը պաշտօնը չստանձնած, 2008-ին Երեւան թատերաբեմ հանդիսացաւ Մարտ մէկեան արիւնալի ընդհարումներու, որուն զոհ գացին 10 հայորդիներ: Ժողովուրդին մօտ անվստահութիւնը նոր երանգ ստացաւ:
Վերջին մի քանի տարիներուն, ինչպիսի՜ տարաբնոյթ ցոյցերու եւ հանրահաւաքներու ականատես եղանք.- Թեղուտի եւ բնապահպանութեան ի նպաստ ցոյցեր, հայկական դպրոցի ազգային նկարագիրի պաշտպանութեան ի խնդիր բողոքի հաւաքներ, «Նայիրիտ» գործարանի չվճարուած բանուորներու յաճախակի հաւաքներ, երթուղայիններու 50 դրամի յաւելումի դէմ բողոքի երթեր «Չեմ Վճարելու» կարգախօսով, չբացայայտուած հանգամանքներով խաղաղ պայմաններու մէջ զոհուած զինուորներու մայրերու ընդվզումներ, 2013-ին նախագահական ընտրութիւններէն ետք պարտեալ թեկնածու Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի կիսատ մնացած «Բարեւի Յեղափոխութեան» ժողովրդային երթեր, թոշակներու պարտադիր կուտակումներու դէմ պոռթկումներ, միջին խաւի առեւտրականներու վրայ հարկային ճնշումներու դէմ հաւաքներ, Մաշտոցի պուրակի հարց, թաքսիի վարորդներու բողոքներ, Օրինաց Երկիր Կուսակցութեան եւ ՀԱԿ-ի հաւաքներ, Շանթ Յարութիւնեանի մտացածին յեղափոխութիւնը, Քառեակի եւ ապա Եռեակի հոծ հանրահաւաքներ, 2014 Հոկտեմբեր 10էն ետք Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութեան ահագնացող ռւժին դէմ 2015 Փետրուար 12-ին հակաժողովրդավարական եւ կոշտ ճնշումներ, ոչ-իշխանամէտ ազատամարտիկներու դէմ ծեծի եւ տփոցի բացայայտ դէպքեր, ՍԴՀԿ-ի եւ Դեմոկրատական Կուսակցութեան հանրահաւաք, անպատիժ հաշուեյարդարներ, միւս կողմէ «Մինչեւ 100-ամեակ Առանց Ռեժիմի» լոզունգով հանդէս եկող Նախախորհրդարանին դէմ բռնարարքներ, Ազգային Ժողովէն ներս քմահաճ եւ միակողմանի որոշումներու որդեգրումները ժողովուրդին բարոյական եւ հոգեկան կապը երկրին ղեկավարութեան հետ համարեա խզեցին անվերականգնելիօրէն: «Ոչ Թալանին» շարժումը համբերութեան բաժակին վերջին յորդումն էր արդարեւ:
Ինչո՞ւ այս բոլորը. որովհետեւ կառավարելու կոչուածներ ինքնագոհ կերպով հետամուտ եղան ոչ թէ կառավարելու, այլ իշխելու: Առաջինը՝ իմաստութեամբ եւ ողջախոհութեամբ կ'ըլլայ, երկրորդը՝ ճնշումով եւ բռնութեամբ: Առաջինը բարոյական առաքինութիւն է, երկրորդը՝ լծակներու չարաշահում:
Այսպիսով, տարիներու սահանքին հետ Հայաստանէն չքացաւ ամենակարեւորը՝ վստահութիւնը: Եթէ պետութիւն պահպանելու համար զէնքը, հացը եւ վստահութիւնն են երեք նախապայմանները, ապա վստահութիւնը առաջինն է որպէս պորտակապ ղեկավարներու եւ ժողովուրդին միջեւ:
Գալով ցուցարարներուն, որոնք Բաղրամեան պողոտան փակեցին, ի՞նչ շահեցան: Մայրաքաղաքին կեդրոնը անդամալուծելով երկրին օգտակա՞ր եղան թէ՞ վնասակար: Հասկնալիօրէն սկիզբը առկայ էր քաղաքացիական գիտակցութիւնը եւ արդար զայրոյթը. սակայն՝ տաքգլուխութեան պահէն ետք ո՞րն էր նպատակը պողոտան փակելու, տարեդարձներ տօնելու, հարսանիքներ կազմակերպելու, պաչպչուքներ փոխանակելու, ազգագրական պարեր ցուցադրելու այդ ինքնաբուխ շոյին (show): Երիտասարդներ գործ չունէի՞ն, տուն-տեղ, պարտաւորութիւններ չունէի՞ն: Ցոյցն ու խաղն ու պարը մարդիկ իրարու շփոթեցին: Մին դիմատետրի (ֆէյսպուք) վրայ գրառեց. «սա արդէն կապիկութիւն է»:
Ի՜նչ հետաքրքիր զուգադիպութիւն: Վերոնշեալ իրադարձութիւնները պատահեցան Բաղրամեան մականունը կրող պողոտային վրայ: Ո՞վ է Բաղրամեան: Պարզ է, Խորհրդային Միութեան հերոս, մեծ ռազմագէտ, մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեան: Բայց, ունինք ուրիշ Բաղրամեան մըն ալ, Մովսէս անունով: Ան 18-րդ դարու երկրորդ կիսուն ապրած է Հնդկաստան: Այդ ժամանակաշրջանին Հնդկաստան համախմբուած էին բազմաթիւ հայ լուսաւորիչներ, ազատագրական պայքարի ռահվիրաներ՝ Յովսէփ Էմին, Շահամիր Շահամիրեան, Յակոբ Շահամիրեան, Մովսէս Բաղրամեան, Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեան: Մ. Բաղրամեան 1773-ին հրապարակեց «Նոր Տետրակ Որ Կոչի Յորդորակ» հիմնարար աշխատութիւնը: Ան իր օրերուն քաղաքական փայլուն մտածող էր, անոր յորդորները՝ այժմէական:
Հայրենի փիլիսոփայ, պատմաբան Հենրիկ Գաբրիէլեան այսպէս կը գրէ Մ. Բաղրամեանի մասին.
«Բաղրամեանը գտնում է, որ ազգային գիտակցութիւն ունեցող ժողովուրդը մտածում է իր երկրի հարստութիւնների մշակման, ուստի՝ իր անդամների մէջ աշխատասիրութեան ոգին բարձրացնելու, նրանց հարստացնելու մասին: Ի՞նչպէս կարելի է լաւ խօսել այն ազգի մասին, որի անդամներն աղքատ են ու թափառական: Հայերի պակասութիւններից մէկն էլ հենց այդ է: Ասում են, որ մեր երկրի աղքատացման գլխաւոր պատճառը որպէս թէ դրսի ասպատակող ուժերի հասցրած աւերածութիւններն են եղել: Դա ճիշդ չէ, հաւատացնում է Բաղրամեանը, միայն մշակների եւ երկրագործների ծոյլ անհոգութիւնը, թուլամորթութիւնն ու օգտակար արիութիւնից հրաժարուելն է, որ պատճառ է դարձել այն բանի, որ մեր արտն ամայանայ, խոպանի վերածուի, սմբակակոխ լինի եւ դառնայ արջերի ու վարազների կերակրավայր: Նա գտնում է, որ չի կարելի գերութիւնից ազատուել ու ժամանակակից իմաստով ազգ դառնալ, եթէ ֆէոտալական ծուլութեանը վերջ չտրուի, «որովհետեւ ծուլութիւնն ամէն տեսակի մեղքեր եւ դատարկաբանութիւններ սնուցանող մայր է»:
Մարդը «եթէ աշխատի, իր երկիրը կը լեցնի հացով, բայց եթէ զբաղուի դատարկաբանութեամբ՝ կը լեցնի աղքատութեամբ»,- առակաբանում է Բաղրամեանը: Դեռ աւելին. ժամանակակից իմաստով ազգ դառնալու համար անհրաժեշտ է օժտուած լինել չորս տեսակի առաքինութիւններով՝ արդարութեամբ, խոհեմութեամբ, արիութեամբ ու ողջախոհութեամբ»:
Ուրեմն՝ Հայաստանը կառավարողներուն (ոչ թէ իշխողներուն) պարտականութիւնն է գործ հայթայթել, աշխատանքի մղել ժողովուրդը, իսկ երիտասարդութիւնը գռեհիկ նշանախօսքերով զուարճանալու, «ջրցան» բառով անվայելուչ բառեր մոգոնելու եւ Բաղրամեան պողոտան աղբատակառներով փակելու փոխարէն՝ պարտի աշխատիլ եւ արարել:
Իշխելու եւ կառավարելու միջեւ տարբերութիւնը մեծ է պարոնայք: Մենք իմաստուն կառավարիչներու կարիքն ունինք եւ ոչ թէ որկրամոլութեան եւ ագահութեան ախոյեան իշխողներու:
Աւետիս Ռազմիկ