Վերջին շրջանին գրեթէ ոչ մէկ տեղեկութիւն կայ Իրաքեան Քիւրտիստանի այն շրջանէն, ուր հայեր կը բնակին: Այդ շրջանի մէջ ապրող հայերու մասին հատուկենտ տեղեկութիւններ կը հրապարակեն Իրաքի լրատուական միջոցները, երբեմն ալ Քիւրտիստանի տեղական հեռուստաալիքները, որոնք սակայն յաճախ հասանելի չեն Հայաստանի հայերուն եւ ընդհանրապէս սփիւռքահայերուն: Հասանելի չըլլալը ամենեւին չի նշանակեր, որ այլեւս այնտեղ հայեր չեն ապրիր, Իրաքի հայերը տակաւին կը շարունակեն ապրիլ Տհոք քաղաքի մօտ գտնուող իրենց գիւղերէն` Ավզրուք, Հավրէսք, Իսքանտեր:«Մենք՝ հայերս, յայտնի ենք մեր խելացութեամբ եւ քաջութեամբ: Իրաքի Քիւրտիստանի պետական առաջնորդներն ու քիւրտերը շատ կը յարգեն մեզ: Մենք արծիւներու ու առիւծներու հետ մեծցած հայեր ենք: Եթէ պէտք ըլլայ, մենք պատրաստ ենք մեր կեանքի գնով պայքարիլ, առիւծի նմամ» ըսած է Իրաքի Քիւրտիստանի բնակիչ Մուրատը, աւելցնելով, «Մենք Հայաստանի օգնութեան կը հասնինք, եթէ Հայաստանի վրայ յարձակում ըլլայ, անկախ, թէ ովքեր կ'ըլլան յարձակողները»:
Մուրատի եւ անոր ջոկատին մասին կը պատմէ տարածաշրջանային խնդիրներով զբաղուող փորձագէտը, որ յայտնի է Պանդուխտ Սիւնիք ծածկանունով:
Ան կը պատմէ է, որ հայ ֆետայիները Իրաքի Քիւրտիստանի նախկին Իրաքի բանակի գնդապետ-սպա Մուրատ Վարդանեանի հրամանատարութեամբ տարածաշրջանի 19-հազարանոց հայ համայնքի միակ լուրջ պաշտպաններն են: Այդ երիտասարդները, ընտրած են «Իսլամական պետութեան» դէմ զինուած պայքարի դժուար ու վտանգաւոր ուղին, մինչ հազարաւոր այլ իրաքցիներ ու քիւրտեր փախած են երկրէն` ճանբան թողելով նոյնիսկ իրենց մօտ գտնուած հրազէնը:
Պարդուխտ կը պատմէ նաեւ, որ Մուրատը հայկական Ավզրուք, Հավրեսք եւ Իսկենտեր գիւղերու աւագն է: Անոնք մեծ գիւղեր են, ուր եկեղեցիներ կան եւ կը գործէ կիրակնօրեայ հայկական դպրոց (Ավզրուքի մէջ): Հոն բնակող հայերը բոլորը Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուածներիւն սերունդներն են: :
Մուրատի ենթակայութեան տակ գտնուողներու միակ խնդիրը հայկական համայնքի հանգստութիւնն ու անվտանգութիւնը ապահովելն է, քանի որ այդ տարածաշրջանին մէջ անոնք կը գտնուին մշտական վտանգի տակ, եւ բացի սեփական ուժերէն, հայերուն որեւէ մէկը չի պաշտպաներ ճիհատիստներու յարձակումներէն: Հարկ է նշել, որ հայերը լաւ յարաբերութիւններ ունին պարզանիստներու հետ։ Ուրիշ ելք չունին, որովհետեւ անոնք են այդ տարածքներու տէրերը, եւ Իրաքի ղեկավարութիւնը որեւէ ազդեցութիւն չունի այդտեղ:
Իրաքի մէջ հայ համայնքի անդամներու ընդհանուր թիւը կրճատուած է: Տարածաշրջանի կենդրոնական հատուածներուն մէջ բնակող ընտանիքները, որոնք հարստութիւն դիզած են Սատամ Հիւսայնի կառավարման օրօք, անոր մահէն ետք մեկնած են Եւրոպա եւ Ամերիկա: Միւսները օգտուելով տարբեր միջազգային ծրագրերէ ու հիմնադրամներէ, հաստատուած են այլ վայրերու, օրինակ, Հայաստանի մէջ:
Իսկ անոնք, որոնք կը բնակին Իրաքի Քիւրտիստանի բաժինը, որոշած են պայքարիլ «Իսլամական պետութեան» սեւ ուժերուն դէմ:
Նիւթի աղբիւր՝ sputnikarmenia