Ամերիկեան «Bloomberg» լրատուական գործակալութիւնը յօդուած մը հրապարակած է, ուր անդրադարձած է Իրանի չէզոքացման ուղղուած ծրագիրի երկրորդ քայլին:
Աղբիւրը յայտնած է, որ առաջին քայլը Իրանի հետ կնքուած միջուկային համաձայնագիրն էր, եւ շարք մը ազդեցիկ արաբական երկիրներ կը ցանկան, որ Ուաշինկթըն աւելի հզօր ուժ ցուցաբերէ:
«Bloomberg»ի կարծիքով, Արաբական Ծոցի երկիրները համոզուած են, որ միջուկային համաձայնագիրը այն քօղն էր, որուն շնորհիւ Իրան ամէն ջանք ի գործ դրաւ Արաբական Աշխարհի անդորրը խախտելու համար: Նշուած երկիրները, ըստ աղբիւրին, մեծ պատկերացում ունին տարածաշրջանին մէջ Իրանը չէզոքացնելու երկրորդ քայլին մասին:
Աղբիւրը դիտել տուած է, որ տարածաշրջանին մէջ Իրանի հզօրացումը սկիզբ առած էր նախքան միջուկային համաձայնագիրը, իսկ վերջինիս նկատմամբ կիրառուած պատժամիջոցները չկարողացան ետ պահել զինք Սուրիոյ, Իրաքի, Լիբանանի, Եմէնի եւ Պահրէյնի հակամարտութիւններուն միջամուխ ըլլալէ:
Իրանը չէզոքացնելու ծրագիրի երկրորդ քայլի կէտերէն է վերոնշեալ երկիրներուն կողմէ սահմանափակ ռազմական գործողութիւններու միջոցով Իրանին այնպիսի վնաս հասցնել, որ վերջինս կորսնցնէ 2003 թուականին Իրաքի դէմ ամերիկեան յարձակումէն ի վեր ձեռք բերած շահերը:
Վերոնշեալ երկիրները, ըստ «Bloomberg»ի, պիտի հրահրեն ԱՄՆ-ն, որպէսզի վերջինս արգիլէ Իրանին օգտուիլ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման նահանջէն:
Միւս կողմէ, Արաբական Ծոցի երկիրները պիտի ձգտին համոզել Թուրքիան ու Ռուսիան, որ Սուրիոյ մէջ իրենց շահերը Իրան պիտի չկարողանայ պաշտպանել, հետեւաբար պէտք է ճնշել Իրանը, տարածաշրջանին մէջ անոր ազդեցութիւնը չէզոքացնելու համար: