image

Իրանցի հաւատացեալներ դէպի Մեքքա ուխտի պիտի չերթան

Իրանցի հաւատացեալներ դէպի Մեքքա    ուխտի   պիտի չերթան

Իրանցի  հաւատացեալներ այս տարի  դէպի Մէքքա ուխտի պիտի չերթան: Այս  մասին լուր  փոխանցող իրանեան  աղբիւրներ նոյնպէս մէջբերած են   Իրանի  իսլամական հանրապետութեան փորձագէտներու խորհուրդի նախագահ Այաթալլո Ալի Ճաննաթի կատարած յայտարարութիւնը:  Ճաննաթի  ըսած է,որ այս տարի   Իրանի իսլամական հանրապետութեան քաղաքացիները   զուտ ապահովական մտահոգութիւններէ մղուած  պիտի հրաժարին Մէքքա երթալու ամէնամեայ իրենց ուխտագնացութիւնէն: Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի  մը  Մէքքայի մերձ եղած   արկածի  մը հետեւանքով հարիւրաւոր իրանցի ուխտաւորներ  զոհուած էին: