image

Ինչի՞ մասին կը մտածեն Թէլ Աւիւի ղեկավարները. Նոր պատերազմ մը հաւանական է՞

Ինչի՞ մասին կը  մտածեն Թէլ Աւիւի  ղեկավարները. Նոր պատերազմ մը հաւանական է՞

Միջին Արեւելեան դէպքերուն հետեւող  վերլուծաբաններուն համար Իսրայէլ- Լիբանան սահմանային գօտին կը համարուի «մարած  հրաբուխ»ի նմանող  գործօն մը, որ կրնայ  որեւէ պահու   բռնկիլ  եւ տուն տալ նոր պատերազմի մը:

 

  Իսրայէլի կառավարութեան  համար  ներկայ  փուլը «աղօտ»  ծրագիրներու փուլ  մըն էտրուած  ըլլալով, որ  մասնաւորապէս  Սուրիոյ մէջ   ընթացք   առած պատերազմէն ասդին   Թէլ Աւիւ   նախընտրած է դիտողի  դերին մէջ    ըլլալ:  Ու  այս  կարեւոր փաստարկը  նկատի առնելէ անդին սկսած է յստակ դառնալ, որ Սուրիոյ մէջ  տեղի ունեցող վերջին զարգացումները շատ ալ «դրական» աչքերով չեն  դիտուիր վարչապետ Նաթանիահույի եւ անոր կողմնակիցներուն  կողմէ:

  Ընթացող  գործընթացներուն վերաբերեալ  կարեւոր   ապացոյց է շաբաթներ  առաջ իսրայէլեան բարձարսատիճան պատուիրակութեան մը Ուաշինկթըն  մեկնելու լուրը: Ամերիկացիներուն հետ եղած հանդիպումներուն մասին կը խօսուի,  որ իսրայէլացիք չեն  յաջողած ամերիկացիները  համոզել,  որ  Սուրիա յայտնուած  իրանեան   ուժերն ու «Հըզպալլա»ն պէտք է  արագօրէն  հեռանան յատկապէս Իսրայէլի սահմանակից հատուածներէն: Իր կարգին «Եատոհոթ  Ահրոնոթ» պարբերականը  այս թեմային մասին  գրելով նկատել տուած է, որ Իսրայէլացի ապահովական պատասխանատուներ լուրջ մտավախութիւններ ունին իրանեան  ուժերու Իսրայէլի սահմանակից  գօտիներուն  վրայ  գտնուելու առընթեր: Անոնք իրենց մտավախութիւնները բացատրած են ըսելով, որ  իրավիճակը  եթէ այսպէս շարունակուի, ապա իրանցիք եւ  «Հըզպալլա» կրնան  որեւէ պահու  նոր ճակատ մը  բանալ  Թէլ Աւիւի դէմ:

  Թերթը նաեւ տեղեկութիւն փոխանցած է  այն մասին, որ հակառակ «Մոսատ»ի    առաջնորդ      Եոսի    Քոհէնի   պնդումներուն ամերիկացիները  մերժած  են հաւաստիացումներ տալ,  որ  պիտի կարողանան իրենց ռուս գործընկերներուն հետ իրանցիներու Սուրիայէն քաշուելու վերաբերեալ երաշխիքներ    տալ:   Կը նշուի  նաեւ, որ    այս  բոլորին լոյսին տակ Իսրայէլի զինուորական խորհուրդը  յարմար համարած է  նախայարձակ  ըլլալ  եւ   սկսիլ նոր  պատերազմ մը, որուն հիմնական  առաջադրանքը  պիտի ըլլայ   մահացու հարուած մը տալ «Հըզպալլա»ին: Կը նշուի  նաեւ, որ նախատեսուած պատերազմը  այս անգամ պիտի ըլլայ, ոչ միայն   Լիբանանի   ճակատին վրայ,  այլ  նաեւ Սուրիոյ   իսրայէլամերձ  հատուածներուն  մէջ, ուր  գոյութիւն ունին իրանեան ուժեր եւ «Հըզպալլա»ի ջոկատներ: Իսրայէլացի  պատասխանատուներ իրենց ունեցած մտահոգութիւնները ամրագրած են ըսելով, որ անցնող տարիներուն ընթացքին առաջին անգամն է, որ իրանեան  ուժերու այսքան մեծ  կուտակումներ կան Սուրիոյ մէջ: Անոնք  իրենց խօսքերը ուղղորդած են արբանեակներու շնորհիւ առնուած զինուորական քարտէզներով:

 

  Պատերազմի հաւանականութիւնը աւելի մեծ կը դառնայ, երբ նկատի ունենանք Թրամբի իշխանութեան  ապրած ներքին տագնապները ու նաեւ հիւսիսային Քորէայի հետ առկայ լարուածութիւնը: Այս  հանգամանքները նոյնպէս  պատճառ կը դառնան, որ Սուրիոյ մէջ ընթացող գործընթացներուն վերաբերեալ  ամերիկացիք   չկարողանան ազդեցիկ եւ  վճռական  խօսք մը  ունենալ:

 

 

  Այս բոլորէն անդին յստակ է նաեւ, որ ապահովական գետինէն անդին Իսրայէլ  կը փորձէ ամէն գնով «խառնել» երկար ժամանակէ ի վեր «սառած» վիճակի մը մէջ  գտնուող լիբանանի ելեւմտական «թղթածրար»ը, որուն հիմնական  կէտն է տնտեսական պատիժներ դնել, ոչ միայն «Հըզպալլա»ի այլ նաեւ լիբանանեան դրամատուներու ու յատկապէս Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան  դէմ:

  Այս առումով ու հակառակ Լիբանանի ֆինանսական դաշտի ազդեցիկ  գործիչներու վստահեցումներուն, Միացեալ Նահանգներու համար «մեծ խնդիր» մը չէ մինչեւ  հիմա միայն խօսքերու ծիրին մէջ  եղող պատիժները դարձնել  իրականութիւն:

 

   Նոյն առումով  կարեւոր ճիգեր կ'իրականացնէ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրին: Հարիրի, որ ամիս մը առաջ այցելութիւն տուաւ Ուաշինկթըն ու կարեւոր հանդիպումներ ունեցաւ ամերիկացի բարձրաստիճան ղեկավարներու հետ տարբեր առիթներով ալ յայտարարեց, որ  իր համար ամէնէն  էական  հարցը  ամերիկացիներուն բացատրելն է Լիբանանի  ընդհանուր իրավիճակը:  Այսինքն լռելեայն ու առանց աղմուկի ներկայացնել Լիբանանի  առանձնայատկութիւնները  ու երկրի ընդհանուր դրութիւնը:  Այս  մօտեցման մէջ  է նաեւ, որ կան  կարեւոր նրբերանգներ կապուած յատկապէս Լիբանանի կառավարութեան կեցուածքներուն: Խօսքը այստեղ մասնաւորապէս կը վերաբերի «Հըզպալլա»ի Սուրիոյ  պատերազմին մասնակցութեան  վերաբերեալ լիբանանցիներու որոշ  եւ կարեւոր խաւի մը ժխտական վերաբերմունքին:

 

 Եթէ ճիշդ զուգահեռներ գծենք ապա յստակ կը դառնայ, որ Լիբանանի անվտանգութիւնը փորձագարի  առջեւ դնող դրոյթը միայն «Հըզպալլա»ն չէ, այլ Իրանի Սուրիոյ մէջ ունեցած երեւելի միջամտութիւններն ու նոյնիսկ պատերազմին մասնակցիլը: Այս տուեալները մտահոգութեան տեղիք կը դառնան Թէլ Աւիւի մօտ, որուն  համար  ամէնէն  հեշտ ու թոյլ կարծուած օղակը կը դառնայ  Լիբանանը:

 

 

 Այսինքն Թեհրանի  քայլերուն  դիմաց  ճնշումներ  գործի դնելու ամէնէն  արագ եւ «քիչ վնասներ»ով ըլլալիք արարքը Լիբանանի դէմ շղթայազերծելիք պատերազմն է եւ շատ հաւանական է, որ  նոյն այդ  պատերազմի  միջոցաւ Իսրայէլ յաջողի տակնուվրայ ընել   տարածքաշրջանի բոլոր «խաղաթուղթեր»ը:

 

 

 

Ու այս բոլորը   աչքի  առջեւ  ունենալէ ետք բացայայտ է,  որ  մէկ  կողմէ  Թէլ Աւիւի  ունեցած «մտահոգութիւններ»ը եւ միւս կողմէ եւ միւս կողմէ  իսլամական «ներքին ընտանիք»ին մէջ առկայ տարակարծութիւնները ստեղծած են այնպիսի կարծր եւ անզիջող կեցուածքներու համակարգ մը, որ բոլոր կողմերուն համար «շատ լաւ կ'ըլլայ», եթէ շրջանին մէջ գործի դրուի լարուածութիւնը «թեթեւցնող», «մինի- պատերազմ» մը, որուն գլխաւոր թիրախը  պիտի դառնայ  Լիբանանը:

 

 

  Լիբանանի ընդհանուր իրադրութեան եւ Իսրայէլի կողմէ շղթայազերծուելիք  ցանկացած պատերազմի մասին խօսակցութեան պարագային հարկաւոր է անպայման հաշուի առնել Սուրիոյ ընդհանուր իրավիճակը: Ու այս առումով նաեւ շատ  բացայայտ է, որ  հակառակ  Սուրիոյ իշխանութիւններուն հանդէպ  առկայ կարծիքներու տարբերութեան սկսած է յստակ դառնալ, որ բոլոր կողմերը ու յատկապէս Ուաշինկթըն  եւ Մոսկուա հետամուտ են  ամէն գնով, որ Սուրիոյ մէջ  արիւնը դադրի:

 Միջազգային միւս խաղացողներուն համար եւս (յատկապէս  Եւրոպա) այս մօտեցումը ձեռնտու է:  Այսինքն «Եկէ՛ք նախ դադրեցնենք արիւնահոսութիւնը,  ու անկէ ետք է, որ կը մտածենք լուծման  տարբերականերուն մասին»:

 «Շրջանային քաոս»ը կանխելու եւ Սուրիոյ մէջ ծագած հրդեհները  Լիբանանէն, Յորդանանէն եւ յատկապէս Թուրքիայն հեռու պահելու համար է, որ Մոսկուայի ու Ուաշինկթընի սեղանին «ձգուած» Սուրիոյ տագնապի ճակատագիրը սկսած է մտնել նոր դրական  փուլ մը: Ու այդ  պատճառով է նաեւ, որ անձերու կամ  անոնց ճակատագիրներուն մասին խօսակցութեան «թոնալիթէն» անգամ սկսած է  փոխուիլ:

  Սուրիոյ  տագնապի վերջին զարգացումներուն մասին կարեւոր վերլուծական մը  հրապարակած է «Տը Կարտիեըն»  պարբերականը, որուն հաղորդմամբ չէ բացառուած, որ Մոսկուա իր ընդհանուր կեցուածքը փոխէ Սուրիոյ իշխանութիւններուն  նկատմամբ, եթէ  զգայ,  որ   հոն մեծագոյն  յաղթանակող  պիտի  յայտարարուի Թեհրանը: Ինչքանով ճիշդ  դուրս  կու գայ ամերիկացի դիւանագէտի մը (որուն  անունը չի տրուիր յայտնի պատճառներով) կողմէ կատարուած այս վերլուծումը յայտնի չէ, սակայն յստակ է, որ «Ռէալ բոլիթիք»ի կանոններով  առաջ մղուող շահերուն համար Մոսկուա  եւ  Թէլ Աւիւ  իրարմէ շատ հեռու չեն:

 Այսինքն,  եթէ  Թեհրանը «պատժելու»  միտում մը ըլլայ    շատ  հաւանական է, որ այդ մօտեցումը  երեւելի դառնայ Իսրայէլի   հիւսիսային   սահմաններուն ՝ Լիբանանի  հետ անոր ունեցած   սահմանին  վրայ:

Ու մինչեւ այդ մէկը ներկայիս բոլոր հիմնական կողմերը՝ Ուաշինկթըն, Մոսկուա  ու նաեւ Թէլ Աւիւ «խաղ»ը  կը խաղան  «փափուկ»  ձեռքերով:

 

 Պահ մը օրակարգը Լիբանանի  հարաւը տեղակայուած «Եունիֆիլ»ի ուժերն են,   պահ մը  «Հըզպալլա»ի  ունեցած դրամական  աղբիւրներն  են ու պահ մըն ալ Լիբանանի դրամական համակարգը «արգելափակել»ու մասին  եղած կոչերն են: Այս բոլորը կան, սակայն յստակ է, որ Սուրիոյ մէջ ընթացող նոր «դասաւորումներ»ու լոյսին տակ ամէնէն տկար օղակը Լիբանանն է: Ու կարեւոր հարցումը, որ կը հնչէ այստեղ այն է, որ արդեօ՞ք Լիբանանի  քաղաքական վերնախաւը ճիշդ հաշուարկներ կը կատարէ այս առումով: Հարցումին պատասխանը պիտի տայ ժամանակը եւ  այս առումով յստակ է, որ յառաջիկայ ամիսներուն շատ յստակ պատասխաններ պիտի  առնուին:

 

 

 Սագօ Արեան 

«Ժամանակ»