image

Ինչ պիտի քննարկեն Թրամբ եւ Փութին. Financial Times

Ինչ պիտի քննարկեն Թրամբ եւ Փութին. Financial Times

Բրիտանական «Financial Times» թերթը յօդուած մը հրապարակած է, ուր անդրադարձած է Թրամբ-Փութին սպասուած հանդիպման:

Թերթը նշած է, որ Սպիտակ Տունն ու Քրեմլինը կը նախապատրաստեն զոյգ երկիրներու ղեկավարներու հանդիպումը, որ ամենայն հաւանականութեամբ պիտի կայանայ յառաջիկայ յուլիս ամսուան ընթացքին, ամերիկեան եւ ռուսական հողերէն դուրս:

Թերթին ձեռք բերած տուեալներուն համաձայն, հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 13 յուլիսին Թրամբի Բրիտանիա կատարելիք այցելութենէն ետք, եւ հակառակ տարածուած լուրերուն, թէ այն Աւստրիոյ մէջ պիտի կայանայ, կողմերը պայմանաւորուած են աւելի յարմար երկիր մը հանդիպիլ:

Հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուին շարք մը հարցեր, որոնց թուին է Սուրիոյ ճգնաժամը, Ուքրանիոյ հարցը, եւ շարք մը այլ խնդիրներ: