image

Ինչ Պիտի Գրէր. Պերճուհի Աւետեան

Ինչ Պիտի Գրէր. Պերճուհի  Աւետեան

-  Էստե՞ղ պիտի ապրինք.- քմծիծաղի նման ժպիտով հարցումը ուղղեց տիկինը, երբ իմացաւ որ սուրիահայ եմ:

-         Այո'.- պատասխանեցի ինքնավստահ ու գոհունակ:

 Քմծիծաղը լայնցաւ, արդէն կռահեցի, այս տիկինն ալ միւսներուն նման նոյն ծամծմուած արտայայտութիւնը պիտի շպրտէ..

«Էստեղ ապրելու տեղ չի».

Էութիւնդ ջլատող բառեր, ըսին կը վարժուիս, ըսին շատ պիտի լսես այդ արտայայտութիւնը... Վարժուի՞լ, կարելի՞ է վարժուիլ խոցող, վիրաւորական բայց հանգիստ ու անտարբեր հնչող այս արտայայտութեան:

Կը մտածեմ, ի՜նչպիսի ատելութիւն կուտակուած է այս մարդոց հոգիներուն մէջ, ինչո՞ւ... արհամարհել հողը, որ մնացած է հսկայական պատմական Հայաստանէն, որ կը պատկանի պապերուդ, քեզի...

«Ազատ, անկախ Հայաստան» ունենալը երազ էր, իրականութիւն դարձաւ: Փառք էր սա, բախտաւորութիւն, երկար տարիներ ստրկացած ժողովուրդի համար, բայց հայրենիք ունենալէ ետք զայն պահելն է ամենակարեւորը:

« ԷՍՏԵՂ ԱՊՐԵԼՈՒ ՏԵՂ ՉԻ» խայթոցի նման...

Նպարավաճառ տիկինը սիրալիր կը զրուցէր մտաւորականի տեսք ունեցող այր մարդու մը հետ, տղամարդը բամբ ձայնով, ջղագրգիռ կը գոչէր.-

-         Կը փճացնեմ էդ թղթերը չեմ տայ նրանց.- մինչ վաճառող տիկինը իրաւունք կու տար խրախուսելով

-          Հա՜ սրանք չարժեն.. ափսոս է տարիների աշխատանքդ:

Մինչ գնորդ այրը քաջալերականն ու գնած ապրանքը շալկած դուրս եկաւ խանութէն, կինը դառնալով բացատրեց:

-         Երկրաբան է, յայտնագործութիւններ ունի, իր տքնաջան աշխատանքի արդիւնքը ուզում են խլել, ասում է չեմ տայ, կը փճացնեմ, չեմ տայ: Պա սա երկիր է՞...

 Կը նայիմ շուարած, սպասելով յաջորդող հանկերգին, որ չուշանար, որ կ'արձագանգէ ականջներուս մէջ «Էստեղ...».

Ուղեղիս խառնարանին մէջ հարցում մը կը մրճահարէ, «Միայն ակնկալել հայրենիքէն, թէ՞ տալ անմնացորդ, հոգատար, ինչպէս մօրդ, հօրդ, հարազատիդ»:

Վա՜յ Հայրենիք, նոյնիսկ գիտնականդ, մտաւորականդ երկրիդ հարստութիւնները իմանալով ինքնասիրութեամբ կը նախընտրէ ոչնչացնել իրեն՝ բայց նոյնքան ալ երկրին պատկանող, երկրի հարստութիւնը կազմող գիտելիքները.. ու նոյն հարցումը կը խռովէ.

«Ինչո՞ւ կուտակուած այս ատելութիւնը»:

Կը կարծեմ հայրենասիրութիւնը պէտք է սնուցանել փոքր տարիքէն, այդ աշխատանքը կը տարուի՞ նոր սերունդին համար, թէ՞ աջ ու ձախ լսուող այս արտայայտութիւնը կը թունաւորէ նաեւ նոր սերունդը...

Անկասկած հանդիպած եմ, կը ճանչնամ հայրենիքը պաշտողներ, դժուարութիւնները կրող ու դիմացողներ ու կը ցանկամ, որ բոլորը- բոլորը սկսեալ փոքրերէն մինչեւ ՄԵԾերը ըլլան այս նուիրեալներուն նման:

-         Սովետի օրերը փառքի օրեր էին, նոյնիսկ Ղարաբաղի հայերը ներկայիս կը նախընտրեն Ատրպէյճանի տիրութիւնը.- կը յորջորջէ երբեմնի բարձր դիրք ունեցող պաշտօնեան:

  Ան սովետի «հաւասարութեան» օրերուն տիրացած է կալուածներու ու ներկայիս զանոնք կը շահագործէ: Մայրաքաղաքի կեդրոնը վարձու գրասենեակներ, բնակարաններ ու տակաւին կը քննադատէ, կը բողոքէ... Բողոքն ու դժգոհանքը սովորական երեւոյթ է ամէնուրեք, տեղի ու անտեղի. Մի գուցէ այս մէկը առողջ իրավիճակ կարելի է համարել, խօսքի եւ մտքի ազատութիւն:

 Հաւատա՞լ սովետի օրերու փառքին, թէ յիշել ստալինեան սպանդը: Այդ ժամանակաշրջանը նոյնքան ահաւոր էր որքան ցեղասպանութիւնը ու մանաւանդ սահմռկեցուցիչ այն առումով, որ անմեղ հայ մարդը ոչ թէ թուրքի, ա'յլ իր արիւնակից, դաւադիր հայու ձեռքով կը ձերբակալուէր, կ'աքսորուէր սիպիր ու կը տառապէր, կը սպանուէր անողոքաբար:

 Իսկ այս «բանիմաց» մարդու խօսքը թէ, Ատրպէյճանի տիրութիւնը նախընտրելի է Արցախի հայութեան, զիս կը մղէ մեծատառ ՀԱՅու Րաֆֆիի «Խամսայի Մելիքութիւններ»ը վէպէն ջուանշիրցի, խաշնարածութեամբ եւ աւազակութեամբ զբաղող թուրք կիսավայրենի, թափառող ցեղի զաւակ՝ «Նադիր Փանահ»ի մասին, հետեւեալ պարբերութիւնը վերընթերցելու: (Այս ցեղը եւ այլ աւազակ ու թափառաշրջիկներ պիտի կազմէին ներկայ Ատրպէյճանի բնակչութիւնը): Նադիր Փանահը խորամանկութեամբ ստացաւ խանութեան տիտղոսը, իր նենգ արարքներով կրցաւ թափանձել Ղարաբաղի հայ մելիքներու միջեւ պառակտելով անոնց համերաշխութիւնը եւ օգտուելով հայու մեծամտութենէն աստիճանաբար քանդեց անոնց իշխանութիւնը... այն աստիճան, որ հինգ մելիքներէն երկուքը իրենց հպատակներուն հետ գաղթեցին լքելով իրենց մայրենի հողը: (Թերեւս անոնք եւս կրկնեցին  ԷՍՏԵՂ ԱՊՐԵԼՈՒ ՏԵՂ ՉԻ) արտայայտութիւնը:

Հայր ու որդի Ալիեւիները, այնքան նման են իրենց նախահայր Փանահին եւ իր որդի Իպրահիմին:

Րաֆֆի՝ մեր գրականութեան մարգարէն կը գրէ.-

«Ղարաբաղի հայոց գաղթականութեան գլխաւոր պատճառը դարձաւ Ղարաբաղի հայկական իշխանութիւնների կործանման: Փանահ-խանը, Իբրահիմ-խանը եւ այլ դրանց նմանները այնքան չվնասեցին հայոց մելիքութիւններին, որքան վնասեցին իրանք մելիքները, երբ, թողնելով հայրենի հողը, սկսեցին իրանց ժողովուրդի հետ օտար հողի վրայ ապահովութիւն որոնել: Կտրուելով հայրենի աշխարհից, նրանք զրկուեցան ամէն բանից..»

Ու կը մտածեմ, եթէ Րաֆֆի այս օրերուն ապրէր ինչ պիտի գրէր հայրենիքը լքողներուն ու այն իշխանաւորներուն մասին, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի կը նպաստեն արտագաղթին:

 

                                                                                  Պերճուհի Աւետեան

                                                                                   15/1/2016  Երեւան