image

Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէր «Օվտա» օդակայանը վայրէջք կատարած ազրպէյճանական բեռնատար օդանաւը

Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէր «Օվտա» օդակայանը վայրէջք կատարած ազրպէյճանական բեռնատար օդանաւը

Իսրայէլ- («Հաարէց»- Թէլ Աւիւ)-  Իսրայէլեան հաղորդագրութիւն մը հաստատած է, որ Ազրպէյճան-Հայաստան պատերազմը սկսելէն երկու օր ետք,  մեծ բեռնատար օդանաւ մը վայրէջք կատարած է Իսրայէլի «Օվտա» ռազմական օդակայանը, եւ այս դէպքը անցնող շաբաթներուն քանի մը անգամ կրկնուած էր: Իսրայէլեան «Հաարէց» թերթի համաձայն, «օդանաւը վայրէջք կատարած էր քանի մը ժամուան համար, ապա վերադարձած էր»: «Հաարէց» նաեւ օտար աղբիւրներու հաղորդմամբ նշած է, որ իսրայէլեան արտահանումներու չափը Ազրպէյճանի համար չորս տարիներու ընթացքին կը գնահաուի 5 միլիար տոլարով:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ  Ազրպէյճանը կը նկատուի Իսրայէլին նաւթ մատակարարով խոշորագոյն երկիրներէն մէկը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլ իր հերթին կը նկատուի Ազրպէյճանին զէնքով մատակարարող գլխաւոր աղբիւրը: