image

Ի՞նչ կը կատարուի Սայտայի պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ

Ի՞նչ կը կատարուի Սայտայի պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ

5-րդ օրն ըլլալով զինեալ բախումները կը շարունակուին Լիբանանի Սայտա քաղաքի պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ: Վերջին երկու տարիներուն տարբեր ձեւափոխութիւններու ենթարկուած գաղթակայանին մէջ այսօր կը գերակշռեն երկու հիմնական ուժեր, որոնց գլխաւորը Ֆաթհ շարժումի հետեւորդ խմբաւորումն է, իսկ երկրորդը կրօնական թեքում ունեցող եւ անցեալի «Համաս»ին մօտիկ եղող շարժումը:

Ըստ վերլուծաբաններու Ֆաթհ շարժումը, օգտուելով Լիբանանի մէջ ռատիքալիստ իսլամներու դէմ «հասունցած» մթնոլորտէն, վճռած է ամէն գնով վերջ տալ կրօնական թեքում ունեցող խմբաւորումներուն:

Արդիւնքը՝ եօթ զոհ եւ տասնեակ վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ լարուած իրավիճակ մը Սայտա քաղաքին մէջ:

Տակաւին կան մտավախութիւններ, որ «Այն ալ հըլուէ» դէպքերուն մէջ անուղղակի դերակատարութիւն մը ունի «Տահէշ» խմբաւորումը, որուն զինուորական կարողականութիւնը սկսած է նահանջել յատկապէս Ռաս Պաալպէք շրջանին մէջ լիբանանեան բանակին կողմէ շղթազերծուած գործողութիւններէն ետք:

Այսօր էական  հարցումը, որ կը հնչէ՝ արդեօ՞ք «Այն ալ հըլուէ»ի մէջ սկիզբ առած բախումները պիտի տարածուին ու նոյնիսկ պատճառ դառնան, որ Պէյրութ-Սայտա գլխաւոր մայրուղին փակուի, կամ ալ եղածը տեղական նեղ բնոյթ ունեցող դէպքերու շղթայ մըն է ու անհաւանական է, որ Լիբանանի օրինապահ մարմինները յաջողին իրենց ընդհանուր տիրապետութեան տակ առնել զինեալներու «որջ» դարձած «Այն ալ հըլուէ»ի գաղթակայանը:

Ամէն պարագայի բացորոշ է, որ պաղեստինեան գէմբերուն մէջ ընթացք առնող դէպքերուն մէջ կարեւոր, եթէ չըսենք հիմնարար դեր ունին Լիբանանի մէջ ազդեցութիւն ունեցող պետութիւնները: