image

«Իմ Քայլ»ի պատգամաւորներ՝ Քրիսթինէ Պօղոսեանը եւ Վիքթոր Ենգիբարեանը վարակուած են «Քորոնա»ով. Խմբակցութեան շարք մը անդամներ՝ ինքնամեկուսացուած

«Իմ Քայլ»ի պատգամաւորներ՝ Քրիսթինէ Պօղոսեանը եւ Վիքթոր Ենգիբարեանը վարակուած են «Քորոնա»ով. Խմբակցութեան շարք մը անդամներ՝ ինքնամեկուսացուած

«Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներ Քրիսթինէ Պօղոսեանը եւ Վիքթոր Ենգիբարեանը վարակուած են «Քորոնա» ժահրով:

Վիքթոր Ենգիբարեանը «Քորոնա» ժահրի քննութեան դրական արդիւնքի մասին գրած է իր ֆեյսպուքեան էջին:

«Սիրելընկերներ, երէկ կէսօրին յանձնած եմ քննութիւն, արդիւնքը՝ դրական։ Որեւէ առողջական խնդիր չունիմ, ինքնամեկուսացած եմ տունը։

Հաւանաբար ինչ-որ պահի անզգոյշ եղած եմ, հաւանաբար թերացած եմ կանոնները պատշաճ պահելու մէջ։ Կը խնդրեմ կրէք դիմակ եւ պահպանէք բոլոր կանոնները, այդ կրնայ փրկել մարդոց կեանքեր, այդ շարքին ձեզի հարազատ անձանց։

Առողջ եղէք»,- գրած է պատգամաւորը։

«Իմ քայլի» պատգամաւոր Քրիսթինէ Պօղոսեանը եւս վարակուած է «Քորոնա» ժահրով: Ան քննութեան դրական պատասխանը երէկ ստացած է:

Նշենք, որ ArmLur.am-ի տեղեկութիւններով, Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան մօտ մէկ տասնեակ պատգամաւոր վարակուած է «Քորանա» ժահրով եւ այսօր չէ ներկայացած նաեւ Ազգային ժողովի նիստին: