ԱՄՆ-ի Պետական պիւտճէի նախարարութեան կողմէ «Հըզպալլա»ին նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելու մէջ մեղադրուող պելճիքական ընկերութիւնը յայտարարած է, որ ինք երբեք քաղաքական կուսակցութիւններու կամ շարժումներու նիւթական օժանդակութիւն չէ տրամադրած, պնդելով, որ նախարարութեան ձեռք բերած տեղեկութիւններն անհիմն են:
«Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, ԱՄՆ-ի Պետական պիւտճէի նախարարութիւնը Պելճիքայի մէջ գործող «Global Trading» ընկերութիւնն ընդգրկած էր «Հըզպալլա»ին օժանդակող ընկերութիւններու սեւ ցուցակին մէջ:
Նախարարութեան պնդմամբ, ընկերութեան տնօրէն Մուհամմէտ Իպրահիմ Պազի ինք է, որ նիւթական օժանդակութիւն կը տրամադրէ «Հըզպալլա»ին, գործելով Պելճիքայի, Լիբանանի եւ Իրաքի միջոցով: