Արւմտեան Թեմի Ազգ. առաջնորդարանը Դեկտեմբեր 2015ին հրատարակած է բանաստեղծ եւ դաստիարակ Ժագ Ս. Յակոբեանի նորագոյն հատորը՝ «Ոսկեհոս Ջրվէժ» խօրագրով, որու նախաբանի հեղինակն է թեմի առաջնորդ՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը: Գիրքը հոգեւոր խորհրդածութիւններու եւ չափածոյ ու արձակ ստեղծագործութիւններու հաւաքածոյ մըն է:
Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան այս առիթով իր խօսքի մէջ նշած է, որ բանաստեղծին գրիչը շուրջ ութ տասնամեակներ ի սպաս դրուած է հայ մշակոյթին, հարստացուցած է յետ-եղեռնեան սփիւռքահայ գրականութիւնը, իսկ անոր վերջին երկու հատորները, որոնք առաջնորդարանին կողմէ հրատարակութեան արժանացած են, լոյս տեսած են Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, ուր ներկայացուած են «էապէս քրիստոնեայ եւ ուղն ու ծուծով հայ» այս հայորդիի ներաշխարհին ու մտածումներուն թարգմանը: