ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէն հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր անդրադարձած է ՀՀ վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեանի Ամերիկա այցին:
Յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Մամուլէն իմացանք, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կինը՝ Աննա Յակոբեանը, այսօր հասեր է Լոս Անճելոս։
Տիկ. Յակոբեանը կը ներկայացնէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ձախողակ դիւանագիտութիւնը, թշնամիի նկատմամբ երկչոտ վերաբերմունքը, ընդդիմադիրներու դէմ անոր գործադրած բռնարարքները, Հայաստանի ու Սփիւռքի հայութեան հանդէպ բաժանարար եւ սպառնալից մօտեցումները, մեր անհետ կորած եւ գերեվարուած զինուորները վերադարձնելու՝ անոր անկարողութիւնը, յետպատերազմեան մարդասիրական ճգնաժամի նկատմամբ անոր ապաշնորհ կեցուածքը, անոր սուտերը պատերազմէն առաջ, ընթացքին ու անկէ ետք, անոր դաւադրամտութիւնը՝ գաղտնաբար ստորագրելով մեր հողերը յանձնելու յայտարարութեան տակ, պատերազմը ղեկավարելու՝ անոր քանդիչ մեթոտաբանութիւնը, որ յանգեցուց հազարաւոր զինուորներու նահատակութեան, եւ, փաստօրէն, ատրպէյճանական օրակարգը պաշտպանելն ու առաջ մղելը։
Մենք յստակ պատգամ ունինք տիկ. Յակոբեանին, որ մեր համայնք կ'այցելէ առանց նախապէս յայտարարելու եւ մեզի անծանօթ պատճառներով։
Ձեր ներկայութիւնը ողջունելի չէ այստեղ, տիկի՛ն Յակոբեան»: