Իսրայէլեան օդուժը խախտելով միջազգային բոլոր տեսակի համաձայնութիւնները անգամ մը եւս հարուածած է Դամասկոսը։ Այս մասին լուրը հաղորդեց «Սանա» պաշտօնական գործակալութիւնը։
Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ հրթիռարձակումներուն հետեւանքով զոհուած են անձեր եւ գրանցուած են կարգ մը վիրաւորներ, որոնց մէջ ըստ նախնական տուեալներու կայ երեխայ մը։
Sky News Arabic Կայանին հաղորդմամբ գրոհները թիրախ դարձուցած են լիբանանեան «Հըզպալլա»ին պատկանող կեդրոնատեղի մը։