Թրքական մամուլը հրապարակած է 15 յուլիսի երեկոյեան ռազմական յեղաշրջման փորձին մէջ մեղադրուող ծեծուած ու նուաստացուած թուրք զօրավարներու պատկերները։ Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումին փորձէն ետք ձերբակալուած է 112 զօրավար եւ ծովակալ։ Թրքական դատարանը արդէն կալանման որոշում կայացուցած է 26 զօրավարներու նկատմամբ։ Թուրքիոյ բանակին մէջ կայ 359 զօրավար եւ ծովակալ։



