image
Հրատապ լուրեր:

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան ժամանած է Մոսկուա

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան ժամանած է Մոսկուա

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պաշտօնական այցով ժամանած է Ռուսաստանի Դաշնութիւն: 


Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրէս»-ի թղթակիցը Մոսկուայէն, ՀՀ Նախագահի օդանաւը վայրէջք կատարած է Մոսկուայի «Վնուքովօ 2» օդակայանը: 

ՀՀ Նախագահի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ են ՀՀ փոխվարչապետ, միջազգային ինտեգրման եւ բարեփոխումներու նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան, ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան, ՀՀ փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական թեխնոլոկիաներու նախարար Վահան Մարտիրոսեան, ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարար Իգնատի Առաքէլեան եւ այլ պաշտօնատար անձինք:

Այցի ընթացքին կը նախատեսուին ՀՀ Նախագահի հանդիպումները ՌԴ Նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ: Նախատեսուած է նաեւ ՀՀ Նախագահի հանդիպումը Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու պետական հիմնարկի ուսանողութեան եւ դասախօսական կազմին հետ: