ՀՀ Կառավարութեան այսօրուան նիստին ընթացքին որոշում ընդունուած է հայկական բանակի վիրաւորուած զինուորներուն արտերկրի մէջ բուժման վերաբերեալ ծախսերը հոգալու մասին: Այս մասին կը յայտնէ «Արմէնբրէս»ը, որուն փոխանցմամբ որոշումը հրապարակուած է ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի կողմէ: Որոշման մէջ կ'ըսուի, որ Հայաստանէն դուրս բուժման հնարաւորութիւն պիտի ստանան այն զինուորները, որոնց բուժումը անհնար է Հայաստանի մէջ իրականացնել: