image

ՀՀ Կառավարութեան որոշումով սահմանապահ բժիշկ-համաճարակաբաններուն յատուկ դրական վերաբերմունք

ՀՀ Կառավարութեան որոշումով սահմանապահ բժիշկ-համաճարակաբաններուն յատուկ դրական  վերաբերմունք

ՀՀ կառավարութիւնը  19 Մարտի նիստին, փոփոխութիւն կատարած է  2 դեկտեմբեր, 2010 թուականի N 1698-ն իր որոշման մէջ, որմով կը վերացուի շարք մը իրաւական գործերու եւ ՀՀ առողջապահական եւ աշխատանքի տեսչական մարմնի գործող կանոնադրութեան միջեւ առկայ անհամապատասխանութիւնը, որ յառաջացած էր ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան առողջապահական տեսչական մարմինը ՀՀ առողջապահական եւ աշխատանքի տեսչական մարմնի վերակազմաւորելու գործընթացին։

Ընդունուած որոշումով, ՀՀ Առողջապահական եւ աշխատանքի տեսչական մարմնի (ԱԱՏՄ) սահմանային բժշկասանիտարական հսկիչ կէտերու բժիշկ-համաճարակաբանները ներառուած են առանձնապէս ծանր, առանձնապէս վնասակար արտադրութիւններու, աշխատանքներու, մասնագիտութիւններու եւ պաշտօններու ցանկով նախատեսուած աշխատանքներ կատարող աշխատողներու ցանկին վրայ։

Այսպիսով, սահմանային հսկիչ կէտերու բժիշկ-համաճարակաբանները ՀՀ աշխատանքային օրէնսգրքի 183-րդ յօդուածով սահմանուած իրենց աշխատավարձի ոչ պակաս, քան 50 տոկոսի չափով վարձատրութեան աւելումներու իրաւունք կը ստանան։

Որոշման նախագիծը շրջանառութեան մէջ դրուած է 2019 թուականի չորրորդ եռամսեակին։ Այն մշակուած է Տեսչական մարմիններու աշխատանքներու համակարգման գրասենեակի եւ ՀՀ առողջապահական եւ աշխատանքի տեսչական մարմնի կողմէ: