«Ո՞վ սպանեց հայերուն». հայոց ցեղասպանութեան մասին արաբերէն առաջին վաւերագրական ֆիլմը պիտի ներկայացուի Նիու Եորքի «Socially Relevant Film» կինոփառատօնին՝ խաղարկային-վաւերագրական ֆիլմ անուանակարգին տակ: Այս մասին «Հայերն Այսօր»ին հաղորդած է եգիպտոսէն, հայ դատի յանձնախումբի անդամ Արմէն Մազլումեանը:
«Ո՞վ սպանեց հայերուն» ֆիլմը նկարահանած են բեմադրիչ Մուհամատ Հանաֆին եւ լրագրող, հաղորդավար Մարիամ Զաքին: Ֆիլմին մէջ ներկայացուած է 100 տարի առաջ թուրքերու կողմէ իրականացուած հայոց ցեղասպանութիւնը: Ֆիլմի մէջ կը ներկայացուի նաեւ բազմաթիւ արխիւային նիւթեր եւ լուսանկարներ, որոնցմէ շատերը կը հրապարակուին առաջին անգամ եւ կը հաստատեն 1915-ի ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Իսկ վերապրածներու վկայութիւնները կը հաստատեն, որ թուրքերու կողմէ իրականացուած ցեղասպանութիւնը նախապէս ծրագրուած եղած է: Նկարահանումները կատարուած են Հայաստանի, Եգիպտոի եւ Լիբանանի մէջ:
Ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած էր 2015 թ.ի Նոյեմբերի 8-ին, Գահիրէի մէջ:
Նիւթի աղբիւր՝ ՀայերնԱյսօր