image
Հրատապ լուրեր:

Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Արաբերէն Առաջին Ֆիլմը Կը Ներկայացուի Նիու Եորքի Կինոփառատօնին

Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Արաբերէն Առաջին Ֆիլմը Կը Ներկայացուի Նիու Եորքի Կինոփառատօնին

«Ո՞վ սպանեց հայերուն». հայոց ցեղասպանութեան մասին արաբերէն առաջին վաւերագրական ֆիլմը պիտի ներկայացուի Նիու Եորքի «Socially Relevant Film» կինոփառատօնին՝ խաղարկային-վաւերագրական ֆիլմ անուանակարգին տակ: Այս մասին «Հայերն Այսօր»ին հաղորդած է եգիպտոսէն, հայ դատի յանձնախումբի անդամ Արմէն Մազլումեանը:

«Ո՞վ սպանեց հայերուն» ֆիլմը նկարահանած են բեմադրիչ Մուհամատ Հանաֆին եւ լրագրող, հաղորդավար Մարիամ Զաքին: Ֆիլմին մէջ ներկայացուած է 100 տարի առաջ թուրքերու կողմէ իրականացուած հայոց ցեղասպանութիւնը: Ֆիլմի մէջ կը ներկայացուի նաեւ բազմաթիւ արխիւային նիւթեր եւ լուսանկարներ, որոնցմէ շատերը կը հրապարակուին առաջին անգամ եւ կը հաստատեն 1915-ի ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Իսկ վերապրածներու վկայութիւնները կը հաստատեն, որ թուրքերու կողմէ իրականացուած ցեղասպանութիւնը նախապէս ծրագրուած եղած է: Նկարահանումները կատարուած են Հայաստանի, Եգիպտոի եւ Լիբանանի մէջ:

Ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած էր 2015 թ.ի Նոյեմբերի 8-ին, Գահիրէի մէջ:

 

Նիւթի աղբիւր՝ ՀայերնԱյսօր