image
Հրատապ լուրեր:

Հայրենի Բանաստեղծ Գագիկ Դաւթեան Պուլկարիոյ Անկախ Գրողներու Միութեան Պատուաւոր Անդամ Ընտրուած Է

Հայրենի Բանաստեղծ Գագիկ Դաւթեան Պուլկարիոյ Անկախ Գրողներու Միութեան Պատուաւոր Անդամ Ընտրուած Է

Գրող, թարգմանիչ Գագիկ Դաւթեանը Պուլկարիոյ անկախ գրողներու միութեան կողմէ ընդունուած է որպէս պատուաւոր անդամ: Ինչպէս կը նշէ Դաւիթեան իր դիմատետրի էջին, գրողներու միութեան այս նախաձեռնութիւնը եղած էր բանաստեղծուհի Վանյա Անկելովայի յորդորով, որ 2014-ին Արցախի մէջ արժանացած էր Բանաստեղծութեան միջազգային փառատօնի մրցանակին:

Նշենք, որ Դաւիթեան եղած է «Խորհրդային Հայաստան», «Հայաստանի Հանրապետութիւն» թերթերու սեփական թղթակիցը, ինչպէս նաեւ մարզային «Սիւնիք» թերթի հիմնադիր-գլխաւոր խմբագիրը։ Ան հեղինակ է բանաստեղծական եւ թարգմանական 20 գիրքերու։